Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Մեզի Համար Կարեւորը Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումն Է. Այս Է Այցելութեանս Նպատակը»

October 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Կազայի մէջ իսրայէլեան սպանդները կը շարունակուին, իսկ պաղեստինեան «Համաս»-ը կը շարունակէ «Աքսայի ջրհեղեղ» զինուորական գործողութիւնը, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ հասաւ Լիբանան:

Ապտոլլահեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի, երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքները:

Հանդիպումէն ետք Ապտոլլահեան մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Առաւօտեան ան այցելեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց դիւանագիտական բոլոր ճիգերը ի գործ դնելու անհրաժեշտութիւնը` կասեցնելու համար Կազայի դէմ բռնարարքները, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու Լիբանանը:

Ապտոլլահեան մեկնումի պահուն զգուշացուց Կազայի իրադարձութիւնները դէպի այլ շրջաններ ընդարձակելէ, եթէ Նեթանիահու Կազայի դէմ իր քանդիչ պատերազմին վերջ չտայ:

Ան հաստատեց, որ Համասի կատարած գործողութիւնը Նեթանիահուի քաղաքականութեան եւ Իսրայէլի ոճիրներուն դէմ պատասխան էր:

«Մեզի համար կարեւորը Լիբանանի ապահովութիւնն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հանդարտութեան պահպանումը: Այս է այցելութեանս նպատակը», շեշտեց Ապտոլլահեան` առաջարկելով, որ շրջանի ղեկավարներու մակարդակին վրայ ժողով մը գումարուի:

Ապա Իրանի դիւանագիտութեան պետը այցելեց արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ յայտնեց, որ մագլցողական քայլերը շարունակելն ու Կազայի դէմ ներխուժումը ամբողջ շրջանը պիտի բռնկեցնէ:

Ան ընդգծեց, որ շրջանին մէջ կայունութիւն կարելի պիտի չըլլայ հաստատել, առանց պաղեստինցիներու դատին արդար եւ ամբողջական լուծման:

Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Կազայի մէջ այսօրուան մեր վկայածները պատերազմային ոճիրներ են, որոնք կը գործադրուին սիոնական գոյացութեան կողմէ քաղաքայիններուն, կիներուն ու երեխաներուն դէմ:

Ապտոլլահեան նկատել տուաւ, որ իր եւ Պու Հապիպի կեցուածքները մէկ էին` նախ եւ առաջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գործած պատերազմական ոճիրներուն վերջ տալու առումով:

«Միացեալ Նահանգներ կը յանձնարարեն    տարբեր կողմերը` ինքնազսպումի ենթարկուելու, որովհետեւ անոնք մտահոգ են պատերազմի հաւանական ընդարձակումէն: Սակայն զաւեշտալին այն է, թէ երբ անոնք այլոց ինքնազսպում կը յանձնարարեն, միաժամանակ սիոնական գոյացութեան ոճրագործներուն կ՛արտօնեն Կազայի մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնը շարունակել: Եթէ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին շրջանին մէջ պատերազմը չընդարձակել, ապա անոնք պէտք է զսպեն Իսրայէլը», հաստատեց Ապտոլլահեան:

Նշենք, որ Ապտոլլահեան նախանցեալ գիշեր ժամը 11:00-ին հասաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ ան հաստատեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը պատասխան էր Իսրայէլի գործած ոճիրներուն` աւելցնելով, որ իսլամական երկիրներն ու ժողովուրդները կը մերժեն պաղեստինցիներուն դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւնները:

Ապտոլլահեան շեշտեց, որ Իրան կատարեալ համոզումով կը շարունակէ քաղաքական եւ տեղեկատուական առումով զօրակցիլ պաղեստինեան դիմադրութեան:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ բռնարարքներուն, պատերազմական ոճիրներուն եւ Կազայի շրջափակումին շարունակութիւնը հաւանական կը դարձնէ նաեւ պատերազմական այլ ճակատներու բռնկեցումը:

Պէտք է աւելցնել, որ Ապտոլլահեան հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւններն ու զարգացումները, յատկապէս «Աքսայի ջրհեղեղ» զինուորական գործողութենէն եւ Կազայի վրայ թշնամի Իսրայէլի գործած վայրագ յարձակումէն ետք:

Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ հանդիպումին ընթացքին արժեւորուեցան տիրող կացութիւնը, արձանագրուած շրջանային եւ միջազգային կեցուածքներն ու հաւանական արդիւնքները:

«Քննարկուեցան նաեւ բոլորին պատասխանատուութիւններն ու որդեգրուելիք պէտք եղած կեցուածքները` պատմական այս միջադէպերուն եւ վերջին զարգացումներուն մասին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Պէտք է նշել, որ իրանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունենալիք Ապտոլլահեանի մամլոյ ասուլիսը առկախուեցաւ:

Նախորդը

Կութիերես. «Տնտեսական Եւ Ապրուստի Ծանր Պայմանները Ապահովական Վտանգ Կը Սպառնան Լիբանանին»

Յաջորդը

Պու Հապիպ Մտահոգութիւն Յայտնեց Շրջանային Պատերազմի Մը Հաւանականութեան Մասին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.