Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը հաստատէ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը ժողովի մը պիտի հրաւիրէ` քննարկելու համար 18 կէտերէ բաղկացած հրատապ օրակարգ մը: Նշենք, որ Միքաթի ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց Ծոցի երկիրներ անոր կատարած այցելութեան արդիւնքները: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ...




















