Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հոկտեմբեր 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան  ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդակցական շրջապտոյտի մը սկսաւ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն` նպատակ ունենալով պաշտպանել Լիբանանն ու անոր ազգային միասնականութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան Պասիլ այցելեց վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Քլեմանսոյի Մէջ

Պասիլ այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար, Ուալիտ Ժոմպլաթի:

Քլեմանսոյի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Պասիլի խորհրդական Անթուան Քոսթանթին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:

Մեկնումի պահուն Պասիլ յայտնեց, որ ինք գոհ է այդ հանդիպումէն` աւելցնելով, որ կան շարք մը հարցեր, որոնց շուրջ համաձայն է Ժոմպլաթի հետ: Անոնցմէ են հիմնական հարցերը, ինչպէս` պաղեստինցի ժողովուրդին դատը, Լիբանանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, ամէն ջանք ի գործ դնելը` Լիբանանն ու լիբանանցիները ներկայ պատերազմին մէջ չներքաշելու եւ չէզոքացնելու բոլոր պատճառները, որոնք կրնան Լիբանանին ուղղուիլ այդ պատերազմին մասնակցելու պատասխանատուութեան առումով:

Պասիլ նշեց, որ ներկայ պահը կ՛ենթադրէ, որ ճիգ չխնայուի` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու իմաստով, ինչպէս նաեւ երկրին իշխանութիւնը վերակազմաւորուի` սկսելով նախագահական ընտրութեամբ եւ կառավարութեան կազմութեամբ:

Պասիլ յայտնեց, որ Ժոմպլաթի հետ քննարկած են նաեւ այլ հարցեր, որոնց մասին նախընտրեց աւելի ուշ յայտարարել:

«Այսօր պահանջուածը այն է, որ ըլլանք իմաստուն եւ յանձնառու` Լիբանանի պահպանումին եւ մեր գոյատեւումին: Դէմ յանդիման կը գտնուինք պատերազմի մը, որ Լիբանանէն աւելի մեծ է եւ պէտք է գիտնանք ինչպէ՛ս պաշտպանել մեր երկիրը», ընդգծեց ան:

Իր կարգին Ժոմպլաթ նշեց, որ Պասիլի եւ Ազգային ազատ հոսանքին հետ հասարակ յայտարարները բազմաթիւ են, որոնցմէ կարեւորագոյնը երկիրը պատերազմէն հեռու պահելն է, ինչ որ կը նշանակէ միասնաբար գործել եւ խորհուրդ տալ կարգ մը ուժերու, որ այդ պատերազմը չընդարձակեն:

«Պատերազմը մեր կողմէ պէտք չէ ընդարձակուի: Մենք պէտք է հակակշիռի տակ պահենք կացութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք Հըզպալլայի մեր եղբայրներուն` բախման ոճի մարտավարութիւնը պահելու ինչպէս որ է», յայտնեց Ժոմպլաթ:

Ան նկատել տուաւ, որ կարգ մը խմբաւորումներ հարաւային Լիբանանի մէջ տարածուած են` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է մնան Հըզպալլայի հրահանգին տակ, որովհետեւ անոնց տարածուիլն ու անորոշ կերպով գործելը շատ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ Լիբանանի համար:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք հարց չունի այդ իմաստով, յստակ թեկնածու ալ չունի, սակայն կը քուէարկէ այն թեկնածուին, որ մեծամասնութեան հաւանութեան արժանի է:

«Այս փուլը կրնայ պատերազմական ամէնէն վտանգաւոր փուլը ըլլալ` ամբողջ քաղաքական ասպարէզիս ընթացքին: Լիբանանի ճակատագիրը անկման սպառնալիքի տակ է», շեշտեց Ժոմպլաթ:

 

 

Նախորդը

Շիա. «Կը Մերժենք Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մը Մէջ Ներքաշելու Ոմանց Սպառնալիքները»

Յաջորդը

Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 1,4 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?