Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ. Պու Հապիպ Եւ Մըքտատ Ընդգծեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Արժանապատիւ Տունդարձին Կարեւորութիւնը

October 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ այդ մասին Պու Հապիպի կատարած հանդիպումները` ՄԱԿ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու հետ:

Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Սուրիա եւ Լիբանան խստիւ կը դատապարտեն պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուող բռնարարքները, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն, այդ բռնարարքները անմիջապէս կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ մը տալ պատերազմական ոճիրներուն, ինչպէս նաեւ մարդկութեան դէմ իսրայէլեան գոյացութեան գործած ոճիրներուն:

Անոնք ընդգծեցին, որ պաղեստինցի ժողովուրդին տեղահանումը եւ պաղեստինեան արդար դատին ջնջումը կտրականապէս մերժելի են` հաստատելով միջազգային օրինականութեան որոշումներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Կոլանի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումին պէտք է վերջ մը դրուի եւ հիմնուի Պաղեստինեան պետութիւնը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով:

Պու Հապիպ եւ Մըքտատ քննարկեցին առաջինին կատարած այցելութեան նպատակը, որն է` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը: Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին փոխադարձ գործակցութիւնը` երաշխաւորելու համար տեղահանուածներուն արժանապատիւ տունդարձը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեցին միջազգային ընտանիքին, ՄԱԿ-ին եւ անոր յատուկ գործակալութիւններուն աջակցութիւնը` իրականացնելու համար այս նպատակը:

Մըքտատ բացատրեց անցնող տարիներուն եւ վերջին ժամանակաշրջանին Սուրիոյ կառավարութեան որդեգրած քայլերը` վերահաստատելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

Ան հաստատեց, որ Սուրիա կ՛ողջունէ իր զաւակներուն տունդարձը եւ բարեկամ երկիրներու հետ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` իրականացնելու համար այդ աշխատանքը:

Իր կարգին, Պու Հապիպ հաստատեց, որ ինք երախտապարտ է եւ կը գնահատէ այն քայլերը, որոնք առնուած են Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ:

Պու Հապիպ եւ Մըքտատ համաձայնեցան համադրական ժողովներ գումարելու` պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու մակարդակով` հետեւողական աշխատանք տանելու եւ երաշխաւորելու տեղահանուածներու տունդարձը, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանները հակակշիռի տակ պահելու, բանտարկեալներ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ միացեալ այլ հարցեր լուծելու:

 

Նախորդը

Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 1,4 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

Յաջորդը

Պըրրի. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Միջազգային Օրինականութեան»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.