Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 26, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Միւֆթի Տըրիան եւ գերապայծառ Պորճիա շեշտեցին, որ աշխարհի որոշումները տուող երկիրները պէտք է նպաստեն Կազայի դէմ բռնարարքները կասեցնելու ջանքերուն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Օմրան Ռիզայի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ այս ամսուան աւարտէն ետք իրենց համար հասկնալի պիտի չըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող տեղեկութիւնները յանձնելուն առումով արձանագրուած ուշացումը, «երբ երկկողմանի համաձայնագիր մը ստորագրուած է այս առումով», ըսաւ ան:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հանդիպում մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ: Մքերի յայտնեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է, որ պատերազմը Լիբանան չհասնի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութեանց խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սլիմի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ. քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ 2024-ի պետական ամավարկին մէջ տնտեսական տեսլական գոյութիւն չունի` շեշտելով, որ տուրքերն ու հարկերը զարտուղի կերպով նշուած են:

 

 

Նախորդը

Խամենէի. «Ամերիկան Կազայի Մէջ Սիոնական Գոյացութեան Ոճիրներուն Մեղսակից Է»

Յաջորդը

Պնաշհիի Մէջ. «Տարբեր Միտքերու Շուրջ Կայ Փոխըմբռնում, Եւ Նման Պայմաններու Ընթացքին Արգելքները Կը Շրջանցուին» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

January 20, 2026
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ
Լիբանանեան

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.