Լիբանանեան

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ուժերուն կատարած յարձակումներն ու անոնց գործած ահաբեկչութիւնները` քաղաքացիներու, երեխաներու եւ կիներու դէմ: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ ցաւ յայտնեց օր մը առաջ Այնաթայի ճամբուն վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումի մը պատճառով սպաննուած երեք պատանիներուն եւ անոնց մեծ մօր, ինչպէս...

Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն Ստացաւ  Հրաւէր Մը` Ներկայ Գտնուելու  Ռիատի Արտակարգ Վեհաժողովին

Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն Ստացաւ Հրաւէր Մը` Ներկայ Գտնուելու Ռիատի Արտակարգ Վեհաժողովին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրաւէր մը ստացաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորէն` ներկայ գտնուելու շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2023-ին Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք արտակարգ վեհաժողովին: Վեհաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն ու բռնարարքները: Հրաւէրին մէջ արձանագրուած էր, որ Ռիատ այս քայլին նախաձեռնած է ընդառաջելու համար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կոչին: Միւս կողմէ, Միքաթի...

Պու Հապիպ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Արաբական  Արտահերթ Վեհաժողովին Արտայայտուելիք  Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը

Պու Հապիպ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Արաբական Արտահերթ Վեհաժողովին Արտայայտուելիք Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ երեկոյեան այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական արտահերթ վեհաժողովին ընթացքին Լիբանանի արտայայտելիք պաշտօնական կեցուածքին մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէ, Պու Հապիպ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր համակարգող Օմրան Ռիզան եւ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Իւօ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի համաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու անոր դերակատարութիւնը պէտք է ամրապնդել եւ անոր կողքին կանգնիլ: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պէտք չէ սպառնալ: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի...

Հըզպալլա Առաջին Անգամ Ըլլալով Կ՛օգտագործէ «Պուրքան» Տիպի Հրթիռը. Դիմադրութիւնը Վար Առաւ Նաեւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլա Առաջին Անգամ Ըլլալով Կ՛օգտագործէ «Պուրքան» Տիպի Հրթիռը. Դիմադրութիւնը Վար Առաւ Նաեւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառին լոյսին տակ, ամբողջ շաբաթավերջին այդ մասին կեցուածքներն ու մեկնաբանութիւնները` տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, շարունակուեցան: Միւս կողմէ, Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ բախումները շաբաթավերջին աւելի եւս սաստկացան: Հըզպալլա առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեց «Պուրքան» տիպի թիրախահար հրթիռը` թիրախ դարձնելով իսրայէլեան Ժալ Օլամ զինուորական կեդրոնը, իսկ երէկ վար առաւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ եւ պաշտպանութեան հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիլ Միշօ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի, այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական մագլցումները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Կազա Այս Պատերազմէն Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ. Հարաւային Լիբանանի Ճակատը Բաց Է Ամէն Տեսակի Հաւանականութեան»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կազա Այս Պատերազմէն Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ. Հարաւային Լիբանանի Ճակատը Բաց Է Ամէն Տեսակի Հաւանականութեան»

«Նահատակներ` Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» կարգախօսին հիման վրայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց բոլոր նահատակները: Իր խօսքը ուղղելով Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Լիբանանի նահատակներուն ընտանիքներուն` սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց անոնց հարազատներուն նահատակութիւնը` ընդգծելով, որ նահատակութիւնը աստուածային շքանշան է: Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ի բոլոր նահատակներուն` հաստատելով, որ քանի մը...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Տհայրայի եւ Թայրհարֆայի միջեւ գտնուող հովիտը, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի եւ Ալմա Շաապի շրջանները: Ռմբակոծումներուն ընթացքին իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ: Մէկուկէս ժամ ետք, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Ռամիա, Այթա Շաապ եւ Քաուզահ գիւղաքաղաքի բացատներն ու Հըզպալլայի յատուկ զինուորական ենթակառոյցներ, միաժամանակ հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործելով Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ: Շուրջ կէս...

Բախումներու Սաստկացման Զուգահեռ.  Սերտ Ճիգեր` Շրջանային Ընդհանուր Պատերազմի  Մղձաւանջը Վանելու Առնչութեամբ

Բախումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Սերտ Ճիգեր` Շրջանային Ընդհանուր Պատերազմի Մղձաւանջը Վանելու Առնչութեամբ

Լիբանանի հարաւային շրջանները, յատկապէս սահմանամերձ աւանները երէկ գլխաւոր թիրախ դարձան Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուած յարձակումներուն, որոնց  նորագոյն զոհերը եղան հարաւի «Կապոյտ գիծ»-ի մերձակայ Ուազզանի շրջանի երկու հովիւներ: Բախումներու սաստկացման տարողութիւնը ապահովական պատգամ մըն է, զոր Իսրայէլ կ՛արձակէ միաժամանակ լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցիներուն ուղղութեամբ, յատկապէս որ պաղեստինեան «Քասսամի ջոկատներ» զինեալ խմբաւորումը ստանձնեց հարաւային Լիբանանէն դէպի Իսրայէլ արձակուած հարուածներու պատասխանատուութիւնը: Նմանապէս, անիկա պատասխան «պատգամ»...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը`  Համեմատաբար Հանգիստ Վիճակի Մէջ

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը` Համեմատաբար Հանգիստ Վիճակի Մէջ

Սահմանային Կապոյտ գիծին սահմանամերձ գիւղաքաղաքներուն մէջ` Նաքուրայէն մինչեւ Ռամիա գիւղաքաղաք, Իսրայէլի կողմէ նախանցեալ գիշերուան բուռն ռմբակոծումներէն ետք, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ կէսօրէ ետք զգուշաւոր լռութիւն տիրեց: Ուշ գիշերին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած էր Եաթեր գիւղաքաղաքի շրջակայքը, ուր արձանագրուած էին վիրաւորներ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ: Վիրաւորները փոխադրուած էին Թըպնինի կառավարական հիւանդանոցը, մինչ իսրայէլեան ուժեր կը շարունակէին լուսաւորող ռումբերու արձակումը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ,...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Պու Հապիպէն Իմացաւ Սուրիա Կատարած  Անոր Այցելութեան Արդիւնքները

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պու Հապիպէն Իմացաւ Սուրիա Կատարած Անոր Այցելութեան Արդիւնքները

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ Պու Հապիպ յանձնախումբին ներկայացուց Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցը քննարկած...

Մակրօ Այցելեց Ժեմայէլի  Եւ Շէյխ Ապի Մունայի

Մակրօ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Շէյխ Ապի Մունայի

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մակրոյի տուած ծանօթացման արարողակարգային այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Կազայի դէպքերուն հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Այս շրջագիծին մէջ Մակրօ յայտնեց, որ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերջ տալու համար պատերազմին եւ մարդկային վնասներուն, ինչպէս նաեւ կը ջանայ Լիբանանը զերծ պահել պատերազմին մէջ...

Քարամէ Կ՛ողջունէ Կութիերեսի  Կեցուածքը

Քարամէ Կ՛ողջունէ Կութիերեսի Կեցուածքը

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա երէկ այցելեց Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ եւ Ազգային համախոհութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի Պէյրութի բնակարանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ու շրջանային քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ապահովական զարգացումները: Քննարկուեցան նաեւ Կազայի դէմ կատարուած իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք աւելի քան 25 օրէ ի վեր կը շարունակուին եւ ցարդ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ երկիրը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները: ԿՆՈՋ եւ երեխայի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց,...

Սէյիտ Նասրալլայի Վճռական Ճառը  Կը Սպասեն Շատեր.    Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ֆոսֆորային  Ռումբերով Հրկիզել Հարաւային Լիբանանը

Սէյիտ Նասրալլայի Վճռական Ճառը Կը Սպասեն Շատեր. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ֆոսֆորային Ռումբերով Հրկիզել Հարաւային Լիբանանը

Մինչ աշխարհը կը սպասէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառին` իր հայեացքը ուղղելով ուրբաթ օրուան յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց, որ Իսրայէլ սկսած է դէպի Կազա ցամաքային ներխուժման: Սէյիտ Նասրալլայի արտասանելիք ճառին վճռական ըլլալու հաւանականութեան մասին ակնկալութիւններու համեմատութիւնը հետզհետէ աւելի կը բարձրանայ, իսկ այսօր Լիբանան կը հասնի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր...

«Կը Մերժենք Լիբանանը Պատերազմի Մէջ Ներքաշել,  Միաժամանակ Մերժելով Զայն  Պարտութեան Մղելու Քայլերը»  Շեշտեց Պասիլ

«Կը Մերժենք Լիբանանը Պատերազմի Մէջ Ներքաշել, Միաժամանակ Մերժելով Զայն Պարտութեան Մղելու Քայլերը» Շեշտեց Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ օր մը օրանց դրդապատճառի կարիք չէ ունեցած Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու: Ան նշեց, որ 7 հոկտեմբեր 2023-ի գործողութիւնը նոր տարազ մը պիտի պարտադրէ` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պարտուիլ սկսած է 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք: Պասիլ նկատել տուաւ, որ Կազայի եւ Իսրայէլի պատերազմին առումով, իրենց համար կարեւորագոյնը կը...

Ժոմպլաթ. «Այս Փուլին  Ազուրն Ու Ֆրենժիէն Պէտք Է Մոռնալ»

Ժոմպլաթ. «Այս Փուլին Ազուրն Ու Ֆրենժիէն Պէտք Է Մոռնալ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք պատերազմ չի սիրեր եւ կը յուսայ, որ Լիբանանը պատերազմի մէջ չի ներքաշուիր, որովհետեւ այդ պարագային Լիբանանին ոչինչ պիտի մնայ: Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ հարաւային սահմանագիծին վրայ ընթացող զինուորական գործողութիւնները երկկողմանի ընդունուած բախման կանոններու շրջագիծին մէջ կը գտնուին, «սակայն անոնք այդ կանոններէն կրնան դուրս գալ», ըսաւ ան: Ժոմպլաթ...

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի  Նախագիծին Քննարկումը Ընթացքի Մէջ Է»

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծին Քննարկումը Ընթացքի Մէջ Է»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, շարունակեց 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը, որ սկսած էր 9 հոկտեմբեր 2023-ին: Նախանցեալ օրուան նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեանց անձնակազմերէն պատուիրակութիւններ: Նիստէն ետք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 6000 լ. ոսկիով, մազութը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 8000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ  Փոխադարձ Բախումներուն Ծիրին Մէջ.   Իսրայէլ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Ռմբակոծումներուն Օղակը Լայնցուցած Է

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Բախումներուն Ծիրին Մէջ. Իսրայէլ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռմբակոծումներուն Օղակը Լայնցուցած Է

Կազայի մէջ ընթացող պատերազմին զուգահեռ, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը մնայ հրդեհուելու իր վիճակին մէջ: Իսրայէլեան հրետանին եւ անօդաչու թռչող սարքերը շարունակեցին ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի սահմանակից շրջանները: Անոնք առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծումներուն օղակը լայնցուցին եւ ուղղակի թիրախ դարձուցին հարաւային Լիբանանի զանազան գիւղաքաղաքները: Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հաղորդած էին, որ հսկայ պայթում մը ցնցած է Հայֆա շրջանը` հաւանական...

Page 238 of 987 1 … 237 238 239 … 987

Արխիւներ