Հակառակ այն իրողութեան, որ Դիմադրութեան շարքերուն մէջ արձանագրուած նահատակներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ, հարաւային սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախման ոճի մարտավարութիւնը կը մնայ նոյնը:
Դիմադրութիւնը թիրախ կը դարձնէ իրենց կեդրոններուն մէջ թաքնուած իսրայէլացի զինուորները, ինչպէս նաեւ կը փճացնէ իսրայէլեան «Մերքաւա» տիպի հրասայլերն ու զրահապատները, ինչպէս նաեւ «կը կուրցնէ» իսրայէլեան ուժերը` քանդելով սահմանագիծին վրայ անոնց զետեղած տեսախցիկներն ու հսկողութեան գերարդիական սարքերը:
Միւս կողմէ, լիբանանցի քաղաքական պատասխանատու աղբիւր մը կը նշէ, թէ լիբանանեան կողմը չի ձգտիր հարաւային Լիբանանի սահմանային սահմանափակ բախումները ընդարձակել, բացի եթէ Իսրայէլ ընդարձակէ այդ պատերազմը եւ բռնկեցնէ Լիբանանի ռազմաճակատը: Այս երկրորդ տարբերակին հաւանականութիւնն է, որ միշտ պէտք է ի մտի ունենալ:
Այս բոլորին զուգահեռ պաղեստինեւիսրայէլեան պատերազմին մէջ չներքաշուելու ուղղութեամբ Լիբանանին յղուած միջազգային զգուշացումները կը շարունակուին: Անոնցմէ վերջինը կը նկատուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի յղած պատգամը, որուն մէջ ան կը զգուշացնէ հարաւային Լիբանանի ռազմաճակատը Իսրայէլի դէմ բաց յայտարարելէ:
Սակայն այնքան ատեն որ զոյգ կողմերը կը զգուշանան քաղաքայինները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելէ, ապա փոխադարձ գնդակոծումները կը մնան սեղմուած օղակի մը մէջ, առանց բախումները ընդարձակելու միտումի:
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Հանիթա, Պահրի եւ այլ զինուորական կեդրոնները` քանդելով անոնց թեքնիք սարքերը եւ պատճառելով մարդկային վնասներ:
Իսրայէլեան ուժեր չորեքշաբթի երեկոյեան ֆոսֆորային ռումբերու թիրախ դարձուցին Այթա Շաապի, Տհայրայի, Ալմա Շաապի, Թայրհարֆայի եւ Ռըմէյշի շրջանները, ուր հրկիզուեցան մեծ թիւով տարածքներ, ինչպէս նաեւ սպունգի գործարան մը, որուն հրդեհը յանգեցուցին Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը:
Ամբողջ գիշեր իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս` Սուրի վերեւ եւ լուսաւորող ռումբեր արձակեց հարաւի վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց նաեւ լիբանանեան այն շրջանը, ուրկէ հակաօդային հրթիռային համակարգով ռմբակոծում կատարուած էր իսրայէլեան օդանաւի մը ուղղութեամբ:
Իսրայէլեան ուժերը չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծեցին Եարուն շրջանը, ուրկէ Լիբանանեան Կարմիր խաչի հիւանդատար մեքենաները 6 վիրաւորներ կրցան դուրս բերել:
Հինգշաբթի առաւօտեան իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի եւ Հասպայայի վերեւ:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Պլիտա գիւղաքաղաքի Ղասունէ շրջանը` սարսափեցնելու համար ձիթապտուղի բերքահաւաք կատարող մշակները:
Կէսօրուան ժամը 12:40-ին, իսրայէլեան ուժերը ֆոսֆորային ռումբերով թիրախ դարձուցին Հատըպ Այթայի շրջանը:
Շուրջ կէս ժամ ետք իսրայէլեան ուժեր գնդացիրներով խուզարկութիւն մը կատարեցին Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ռուէյսեթ Ալամի անտառները, ինչպէս նաեւ Հաունինի հովիտը:
Շուրջ ժամ մը ետք, 1:30-ին, հաղորդուեցաւ, որ Լապպունէի եւ Ալմա Շաապի մէջ բռնկած հրդեհը պատճառ դարձած է, որ իսրայէլեան ականներ եւ տարանջատուող ռումբեր պայթին:
Նոյն պահուն իսրայէլեան ուժեր Այթարունի մէջ շրջափակեցին հաւնոցին մէջ գործող աշխատաւորները:
Այթարունի քաղաքապետը յայտնեց, որ լիբանանցի վարորդ մը եւ եօթը աշխատաւորներ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կրակոցի ենթարկուած են, երբ անոնք կը փորձէին Այթարուն եւ Պլիտա գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող Ղասունէ շրջանին մէջ գտնուող հաւնոցի թռչնազգիներ Պաթըմ շրջան փոխադրել:
Երկու ժամ ետք կարելի եղաւ Այթարունի մէջ շրջափակուած աշխատաւորները փրկել:
Նշենք, որ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին իսրայէլեան ուժեր հրկիզող հրթիռներով ռմբակոծեցին Այթա Շաապը:
Այս շրջագիծին մէջ, Հըզպալլա երէկ յայտնեց, թէ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»-ու փաղանգին միացած են Հիւսէյն Մոհամետ Ալի Հարիրի եւ Ալի Իպրահիմ Ժաուատ:
Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը, որոնց շարքին նաեւ բանակին վերաբերող թղթածրարը, որուն վրայ սեւեռուած է լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա ազգային միակ հաստատութիւնն է, որ բոլորին զօրակցութիւնը կը վայելէ եւ լիբանանցիներուն ձգտումները կ՛իրականացնէ` երկրին ապահովութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու իմաստով:
Պըրրի եւ Միքաթի ընդգծեցին, որ բանակին թղթածրարը հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ պիտի քննարկուի. անոնք աւելցուցին, որ այդ թղթածրարին հարցով դրական արդիւնքներու կարելի է յանգիլ:
Միւս կողմէ, Պըրրի հետեւեցաւ սահմանագիծի գիւղաքաղաքներուն մօտակայքը տիրող իրավիճակին` իսրայէլեան ռմբակոծումներուն եւ լիբանանցի քաղաքայիններն ու անոնց բնակարանները թիրախ դարձնելու, ինչպէս նաեւ Ալմա Շաապի, Ռըմէյշի, Այթա Շաապի, Տհայրայի, Մըրուահինի, Եարունի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Մազարեհ Շեպաայի մէջ միջազգային օրէնքով արգիլուած զէնքեր ու հրթիռներ, յատկապէս` ֆոսֆորային ու տարանջատուող հրթիռներ օգտագործելու լոյսին տակ:
«Իսրայէլի եւ անոր քաղաքական ու զինուորական շրջանակներուն կողմէ Կազայի մէջ քարին ու մարդուն դէմ գործադրուող քաղաքականութիւնը հրկիզելու քաղաքականութիւն է: Նոյնը կը կիրարկուի նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ, եւ ֆոսֆորային հրթիռներուն գործած աւերը միջազգային հասարակութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ հաւաքուած միջազգային բոլոր պատուիրակներուն սեփականութիւնը կը դարձնենք», հաստատեց Պըրրի:
Այս նպատակով խորհրդարանի նախագահը մնայուն կապի մէջ մնաց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան, ներքին գործոց նախարարութեան կառոյցներուն, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ իսլամական սկաուտական շարժումի հրշէջներուն հետ, որպէսզի անոնք փութան հրդեհներուն վայրը եւ հակակշիռի տակ առնեն կրակը:
Միքաթի Իտալիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց
Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը
Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պոմպարտիերի հաստատեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանի ապահովութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ երկրին կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերուն:
Ան ողջունեց Միքաթիի կատարած այցելութիւնը հարաւային Լիբանան եւ յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան հետ անոր տեսակցութիւնը, որ ինքնին ՖԻՆԻՒԼ-ին զօրակցութեան հզօր պատգամ մըն է:
Պոմպարտիերի ընդգծեց, որ Իտալիա յանձնառու է պաշտպանելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերն ու անոնց առաքելութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ, որ Իտալիա անշեղ կը մնայ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բարգաւաճման ծրագիրներուն օժանդակելու իր կեցուածքէն:
Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ
Համասի Ներկայացուցիչը
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Համասի ղեկավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ահմետ Ապտել Հատիի:
Հանդիպումէն ետք Ապտել Հատի յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանին ներկայացուցած են «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան զարգացումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ սիոնական ահաբեկչական սպանդները, որոնք կը գործուին Կազայի մէջ` Միացեալ Նահանգներուն զօրակցութեամբ:
Ապտել Հատի ընդգծեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին ներկայացուցած է նաեւ Կազան ծրագրուած կերպով քանդելու ոճը, «կարծէք թէ պահանջուած ըլլայ Կազայի բնաջնջումը», ըսաւ ան:
Ապտել Հատի նկատել տուաւ նաեւ, որ պաղեստինցիները ամուր են գոյատեւելու իրենց կամքին մէջ` աւելցնելով, որ անոնք կը կատարեն ինքնապաշտպանութեան իրենց իրաւունքը եւ կը պաշտպանեն իրենց դատը: «Մինչդեռ Իսրայէլ նպատակադրած է յարձակիլ Աքսայի մզկիթին վրայ, բաժնել ու ի վերջոյ քանդել զայն, առանց նկատի ունենալու միջազգային բանաձեւերն ու որոշումները», յայտնեց ան:
Ապտել Հատի նշեց, որ միւֆթի Տըրիանին յայտնած է, թէ պաղեստինցի ժողովուրդը ինքնապաշտպանութիւն կը կատարէ եւ ի խնդիր իր դատին հսկայական զոհողութիւններ կը մատուցէ: Ան աւելցուց, որ Տըրիանին ներկայացուցած է նաեւ կատարուող խորհրդակցութիւններն ու հաղորդակցութիւնները, որոնք կը միտին վերջ մը դնել իսրայէլեան բռնարարքներուն` արգիլելու համար պաղեստինցիներուն սպանդը:
Ապտել Հատի նշեց, որ միւֆթի Տըրիան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է պաղեստինցիներու իրաւունքին` հաստատելով իր մերժումը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած ջարդերուն:
Ան նկատել տուաւ, որ Տըրիան պահանջած է անմիջական կասեցում սիոնական այս բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ ընդգծած դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու կարեւորութիւնը:
Պու Հապիպ. «Իսրայէլ Պէտք Է Վերջ Տայ
Լիբանանը Քարէ Դար Տանելու Սպառնալիքին»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Լիբանանի մէջ 9 երկիրներու դեսպաններուն հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ Լիբանանի դէմ յարձակում սանձազերծելու եւ զայն քարէ դար տանելու սպառնալիքին:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ զինադուլը նախաքայլն է, որ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու պիտի առաջնորդէ եւ վերջ պիտի դնէ տագնապին ընդարձակման հաւանականութեան: