ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը հաստատէ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը ժողովի մը պիտի հրաւիրէ` քննարկելու համար 18 կէտերէ բաղկացած հրատապ օրակարգ մը: Նշենք, որ Միքաթի ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց Ծոցի երկիրներ անոր կատարած այցելութեան արդիւնքները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իր ներկայ ընթացքով Լիբանանը պաշտպանելու իր իրաւունքն է, որ կը գործադրէ:
ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ուրբաթ օր արտասանելիք ճառը կը նշանակէ, թէ մինչեւ հինգշաբթի օր կրնայ Կազայի մէջ զինադուլ յայտարարուիլ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ, Ֆինլանտայի, Շուէտի եւ Նորվեկիոյ դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տուեալ երկիրներուն դեսպանատուներուն եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ յարաբերութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Քամիլ Շամուն:


