Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոեն Վերվաքը, որուն հետ քննարկեց Կազայի դէմ պատերազմին վերաբերող զարգացումները: Վերվաք յորդորեց Լիբանանը այդ պատերազմին մէջ չներքաշել: Իր կարգին, Պու Սաապ հաստատեց յաչս միջազգային հասարակութեան գործուող արիւնահեղութիւնը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ներկայ պայմաններուն մէջ տեղեկատուութեան ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ ՄԱԿ-ի եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել: Վրոնեցքա այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ նշեց, որ պիտի փորձեն «Թոթալ էնըրճիզ» եւ «Էնի» ընկերութիւնները համոզել, որ թիւ 9 նաւթահորին մէջ այլ կէտի մը մէջ եւս հորատումի աշխատանք կատարեն` ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին: Ֆայեատ յայտնեց, որ թիւ 9 նաւթահորին մէջ կան 10 կէտեր, ուր կարելի է նաւթի ու կազի պեղումներ կատարել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի զարգացումներն ու «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան հետեւանքները: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ ազգային միասնականութեան նկատմամբ յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի թշնամիին ոչ մէկ առիթ տրուի չարաշահելու ներքին լիբանանեան բացթողումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանան ճակատագրական փուլէ մը կ՛անցնի` աւելցնելով, որ ապահովական մագլցումներու հաւանականութիւն կրնայ ապրիլ երկիրը: Ան նշեց, որ շրջանը խաղաղութիւն պիտի չվկայէ, եթէ Պաղեստինեան դատին արդար եւ ամբողջական լուծում մը չտրուի` երկու պետութիւններու հիմնումով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի հետ` բարձր գնահատելու համար անոր քրոջ` Եումնա Ժեմայէլի կեցուածքները, որոնք կ՛ընդգծէին ազգային միասնականութիւնը ամէն տեսակի տարակարծութենէ վեր դասելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այն կեցուածքը, որ ազգային եւ մարդկային ամէն տեսակի զօրակցութիւն առաջնահերթութիւն է` Լիբանանի դիմագրաւած այս ճակատագրական ու դժուար փուլին ընթացքին:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ցամաքային Ուժերը Կազա Ներթափանցման «Համեմատաբար Մեծ» Գործողութիւն Կատարեցին

Յաջորդը

«Ազգային Ազատ Հոսանքը Ներկայացուց Հինգ Գաղափարներ` Ազգային Միասնականութեան Մը Շուրջ Համախոհութիւն Գոյացնելու Նպատակով» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.