Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պնաշհիի Մէջ. «Տարբեր Միտքերու Շուրջ Կայ Փոխըմբռնում, Եւ Նման Պայմաններու Ընթացքին Արգելքները Կը Շրջանցուին» Շեշտեց Պասիլ

Հոկտեմբեր 26, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն շրջապտոյտի մը ձեռնարկած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին այցելեց Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:

Մէկ ժամուան հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ տարբեր միտքերու շուրջ կայ փոխըմբռնում, յատկապէս` պատերազմի վտանգը դիմակայելու եւ պետական հաստատութիւններուն վերակազմակերպումին առումով միասնական աշխատանք տանելու:

«Ես ուրախ եմ Ֆրենժիէի հետ հանդիպելով. նման պայմաններու ընթացքին արգելքները կը շրջանցուին, եւ արծարծած միտքերուս մասին ընդառաջում գտայ», նշեց Պասիլ:

Իր կարգին, Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանը հանրապետութեան նախագահութենէն շատ աւելի կարեւոր է: «Քննարկեցինք երկրին հարցերը, եւ մեծ համեմատութեամբ ըմբռնում կայ մեր միջեւ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին իրենց յանձնառութիւնը յայտնած են Լիբանանի նկատմամբ: «Այս իմաստով Դիմադրութիւնը իր կարգին յանձնառու է երկրին, եւ այս իմաստով մենք յաւելաբանութիւն չենք կրնար կատարել: Մենք Լիբանանի նկատմամբ չենք կրնար աւելի նախանձախնդիր ըլլալ, քան` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան: Պասիլ նաեւ մեզի հետ է: Պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել բաժանումը կանխարգիլելու, եւ իրականութիւնը աւելի մօտ է, քան յոյսերը: Իսկ Պաղեստինի եւ Կազայի մէջ պատահածը մարդկութեան դէմ ոճիր է», ըսաւ ան:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Ֆրենժիէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքը նոյնն է: «Այսօրուան հանդիպումը կը միտի լիբանանեան ներքին կեցուածքը ամրապնդել, իսկ Պասիլ հաստատեց, որ ինք կը միտի գործակցիլ, եթէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուիմ», ըսաւ ան:

Ֆայսալ Քարամէի Մօտ

Պասիլ այցելեց նաեւ Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի բնակարանը, ուր ներկայ գտնուեցան Ազգային համախոհութիւն համախմբումի անդամ երեսփոխաններ Թահա Նաժի, Հասան Մըրատ, Մոհամետ Եհիա եւ Ատնան Թրապուլսի:

Պասիլի ընկերակցեցան նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Ճիմի Ժապպուր եւ Շարպել Մարուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ հաստատեց, որ կարելի չէ նախագահական ընտրութիւն կատարել առանց համախոհութեան:

Ան շեշտեց, որ իր կատարած այցելութեան նպատակն է Լիբանանի պաշտպանութիւնն ու ազգային միասնականութեան պահպանումը` աւելցնելով, որ նշեալ երկուքը կարելի չէ իրականացնել առանց սիւննի բաղադրիչին:

«Մենք չենք փափաքիր, որ Լիբանան պատերազմի մէջ ներքաշուի, սակայն եթէ մեր վրայ յարձակում սանձազերծուի, ապա մենք ինքնապաշտպանութեան պիտի դիմենք», յայտնեց ան:

Իր կարգին, Քարամէ հաստատեց, որ Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ կը խախտէ միջազգային ուխտերն ու օրէնքները` եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներու նոր փուլի հաւանականութեան պարագային, երկիրը կարելի չէ պաշտպանել, բացի` լիբանանեան միասնականութեամբ:

Քարամէ անհրաժեշտ նկատեց, որ ներքին լիբանանեան երկխօսութիւն կատարուի, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուի եւ ընտրութիւնը կատարուի, ապա ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմուի, «այլապէս` Լիբանան վտանգի ենթակայ է», ըսաւ ան:

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Լիբանանը
Պատերազմի Մէջ Ներքաշել, Իսկ Եթէ Իսրայէլ Յարձակում Շղթայազերծէ,
Կառչած Կը Մնանք Դիմադրութեան Զօրակցութեան»

Հզօր Լիբանան համախմբումը` նախագահութեամբ Ժըպրան Պասիլի, նախանցեալ երեկոյեան գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին խստիւ քննադատեց պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ եւ Կազայի մէջ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները:

Համախմբումը զգուշացուց իսրայէլեան պատերազմին վտանգներէն եւ կոչ ուղղեց որդեգրելու ազգային միասնականութեան կեցուածք մը` Պասիլի կատարած շրջապտոյտին լոյսին տակ:

Համախմբումը ընդգծեց, որ պաղեստինցիներու դիմադրութեան իրաւունքը սուրբ է` աւելցնելով, որ իրենց հողն ու ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու լիբանանցիներուն իրաւունքը նոյնպէս սուրբ է:

Համախմբումը մերժեց որեւէ արարք, որ պատճառ կը դառնայ Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշելու:

«Կը մերժենք պատերազմի մէջ Լիբանանը ներքաշել, իսկ եթէ Իսրայէլ յարձակում շղթայազերծէ, կառչած կը մնանք Դիմադրութեան զօրակցութեան», հաստատեց համախմբումը:

Համախմբումը վերահաստատեց իր զգուշացումը Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան վտանգին մասին` երկրին քաղաքական եւ ապահովական բոլոր պետերը պատասխանատու նկատելով գաղթականներու հոսքի կասեցման:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Կառավարութեան Խորհրդակցական Նիստը Վերածուեցաւ Վէճի

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?