Հարաւի Մէջ Միքաթի Կը Հաստատէ Լիբանանի
Յանձնառութիւնը Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան
Կազայի մէջ իսրայէլեան ուժերուն շարունակած սպանդներուն եւ պատերազմական ոճիրներուն կողքին Հարաւային Լիբանանը կը մնայ թիրախ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն, որոնց ընթացքին կ՛օգտագործուին միջազգային օրէնքով արգիլուած ֆոսֆորային ռումբեր:
Հարաւային սահմանագիծին գնդակոծումը երէկ շարունակուեցաւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, որոնք հաստատեցին, որ իրենք կը ռմբակոծեն այն շրջանները, ուրկէ իրենց զինուորական կեդրոնները, հրասայլերը, զրահապատներն ու զինուորական դիրքերը թիրախ դարձած են:
Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով արձանագրուեցան քաղաքային զոհեր:
Երկուշաբթի ուշ գիշերին Լիբանանեան Կարմիր խաչը, լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ուղղուեցան Քֆարհամամի շրջան, ուրկէ փոխադրեցին երեք դիակներ եւ հինգ վիրաւորներ:
Քֆարհամամի մէջ զոհերը արձանագրուած էին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի ռմբակոծումին պատճառով:
Սահմանային բախումներուն ընթացքին Հըզպալլայի մարտիկներ թիրախահար ռումբերով ռմբակոծեցին Մարքապայի հանդիպակաց Մարժ զինուորական կեդրոնատեղին:
Դիմադրութիւնը «Քոռնեթ» տիպի հրթիռով մը թիրախ դարձուց Ռաս Նաքուրայի վրայ գտնուող իսրայէլեան զինուորական խարիսխ մը, ինչպէս նաեւ հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուց հիւսիսային Իսրայէլի Շթուլա եւ Մանարա շրջանները:
Ժամը 5:30-ի դրութեամբ Հըզպալլա «Քոռնեթ» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան զինուորական դիրքեր, յատկապէս Պերանեթի զինուորական դիրքը:
Իսրայէլեան ուժեր երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Լապպունէի Ժալ Օլամ կեդրոնին վերեւ:
Նոյն գիշերը անոնք ռմբակոծեցին Մազարեհ Շեպաայի մօտակայքը գտնուող Հըզպալլայի խմբաւորում մը, որ կը պատրաստուէր դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակում կատարել:
Իսրայէլեան ուժեր անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Քֆարշուպայի, Մարուն Ռասի եւ Այթարունի շրջակայքը:
Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Տանիէլ Հակարի հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծած են Հըզպալլայի հինգ խմբաւորումներ` լիբանանեան սահմանագիծին վրայ: Ան նշեց, որ իրենց դիմաց կան բազմաթիւ շաբաթներ, որոնց ընթացքին պիտի գործեն քաղաքական որոշումներուն մակարդակով:
Երէկ կէսօրէ ետք իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Եարունի եւ Քֆարշուպայի շրջակայքը:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Հուլայի եւ Մէյսէլ Ժապալի միջեւ գտնուող շրջանները:
Ժամ մը ետք իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Տհայրայի, Այթա Շաապի, Մըրուահինի եւ Եարինի շրջակայքը:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա երէկ յայտնեց, թէ ժիհատի ուղիին վրայ նահատակուած են Իպրահիմ Մոհամետ Քաշմար, Ալի Ատնան Արթիլ, Մուսթաֆա Հիւսէյն Նազհա, Նեժիպ Մոհամետ Ալի Զահր, Հասան Սայիտ Նայիմ եւ Հասան Պատիհ Աշուր:
Միքաթի Այցելեց Հարաւային Լիբանան
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան` ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:
Հարաւային Լիբանանի մէջ Միքաթի ստուգեց տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը:
Միքաթի այցելեց Սուրի մէջ բանակի «Պանու Պարաքաթ» զօրանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արեւմտեան շրջանի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի հետ:
Միքաթի բարձր գնահատեց բանակին զոհողութիւնները` Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր, յատկապէս իսրայէլեան յարձակումներուն եւ ռմբակոծումներուն լոյսին տակ:
Ան ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանը այսօր կը վճարէ ամբողջ Լիբանանի պաշտպանութեան գինը` անգութ գոյացութեան դիմաց:
Միքաթի այցելեց նաեւ Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային որոշումներուն, յատկապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Միքաթի դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու եւ բանակին հետ համագործակցելու առումով:
Իր կարգին, զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ կը մնայ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ, ներքին լիբանանեան առումով իրագործած իր զանազան պարտականութիւններուն զուգահեռ:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կամքը հզօր է, եւ իրենց սուրբ պարտականութեան հանդէպ բանակայիններուն հաւատքը աներեր կը մնայ:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց Միքաթիի զօրակցութիւնը բանակին, ինչպէս նաեւ ընդգծեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան շրջագիծին մէջ:
Լիբանանեան Անձնաւորութիւններու Եւ
Օտար Դիւանագէտներու Կեցուածքներ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքքոլըմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ուժերուն գործած աւերներուն առումով:
«Մարդու իրաւունքներու արժէքը ստեղծուած է Արեւմուտքին կողմէ, իսկ այսօր ժամանակն է գործադրելու զանոնք եւ կասեցնելու Կազայի մէջ տեղի ունեցող ջարդերը», շեշտեց Պու Հապիպ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա կը գտնուի Իսրայէլի դէմ պատերազմի շրջագիծին մէջ, Համասի կողքին` պաշտպանելու համար Կազան: Քասեմ ընդգծեց, որ Դիմադրութեան մատը կը գտնուի զէնքի բլթակին վրայ, եւ ան այդ բլթակը կը սեղմէ այն չափով, որ պահանջուած է դիմադրելու սիոնական գոյացութեան:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսաւ. «Այսօր ամբողջ Արեւմուտքը մեզի դէմ է»: Ան նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ իր խորհրդակցութիւնը այն էր, որ Հըզպալլա պատերազմին մէջ չներքաշուի, հակառակ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու գոյութեան:
Ժոմպլաթ ընդգծեց բախումներու այդ օղակը չընդլայնելու կարեւորութիւնը:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ հրամանը միայն Հըզպալլային չի վերագրուիր, որովհետեւ մեզի համար յստակ չէ, թէ Իսրայէլ ի՛նչ կ՛ուզէ», հաստատեց ան:
Լիբանանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը բնականոն կերպով կը գործէ` հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ օդակայանին ազատ շուկան պարպուած է եւ անոր աշխատանքը` կասեցուած:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Հըզպալլա հասած է զօրութեան այնպիսի մակարդակի մը, որ ստիպած է ամերիկացիները տասնեակ նամակներ յղելու եւ խնդրելու, որ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ պատերազմի նոր ճակատ մը չբանայ:
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի զգուշացուց Իսրայէլը եւ անոր զօրակցող կողմերը «Նոր այլոցմէ», որոնք կրնան տարբեր ճակատներու վրայ պատերազմին մէջ ներքաշուիլ: