Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Խորհրդակցական Նիստը Վերածուեցաւ Վէճի

Հոկտեմբեր 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց խորհրդակցական հանդիպում մը` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ բարկացած դուրս եկաւ դահլիճէն` գոռալով. «Ամօ՛թ ձեզի. այս քայլը պետական այրի մը քայլը չի կրնար ըլլալ»:

Նշենք, որ անոր ընկերակցեցաւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը: Նախարարի պաշտօնակատարները ուղղուեցան դէպի իրենց ինքնաշարժները եւ որոշ ժամանակ մը հոն մնացին:

Ապա Հաժժար վերադարձաւ վարչապետարան, իսկ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Հըլու ուղղուեցաւ Սլիմի մօտ` փորձել լուծելու պատահած հարցը, սակայն Սլիմ վարչապետարանէն մեկնեցաւ:

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ Սլիմի բարկութեան պատճառն է Միքաթիի կողմէ անոր յղուած հրամանագիր մը, որ Սլիմէն կը պահանջէ բանակի հրամանատարութեան պարագային թափուր դրութեան լուծում մը գտնել:

Այլ աղբիւրներ նշեցին, որ Միքաթի Սլիմը պատասխանատու կը նկատէ սպայակոյտի պետ չնշանակելու եւ կոչ կ՛ուղղէ այդ նշանակումը կատարելու` առանց պաշտպանութեան նախարարին կարծիքը նկատի ունենալու:

Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Սահմանային
Բուռն Բախումներ Արձանագրուեցան

Սահմանային բախումներուն ընթացքին Հըզպալլայի մարտիկներ նախանցեալ գիշեր յարձակեցան Խըրպեթ Մանարայի եւ Պրանեթի իսրայէլեան զինուորական կեդրոններուն վրայ եւ թիրախահար հրթիռներով կրցան ուղղակի թիրախներ հարուածել:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցին Աւիւիմ բնակեցման վայրը: Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր հաստատեցին, որ Հըզպալլա թիրախ դարձուցած է Աւիւիմի մէջ գտնուող հրասայլ մը, սակայն զոհեր չեն արձանագրուած:

Հըզպալլա ռմբակոծեց նաեւ Պայատ Պլիտայի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը:

Մարուն Ռասի մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բնակարան մը ռմբակոծելու իբրեւ պատասխան, Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց Գալիլիան, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձաւ, որ Մթըլլէի բնակեցման վայրին մէջ օդային տագնապը միացուի եւ սարսափի մթնոլորտ մը տարածուի:

Իսրայէլեան ուժեր ամբողջ գիշերը հարաւային Լիբանանը թիրախ դարձուցին լուսաւորող ռումբերու, յատկապէս Նաքուրայի եւ Լապպունէի շրջաններուն մէջ:

Իսրայէլեան օդուժը գործեց նաեւ այլ ռմբակոծում մը` թիրախ դարձնելով Ռըմէյշը, Քֆարշուպան եւ Այթա Շաապը:

Երէկ առաւօտեան իսրայէլեան ուժերու բանբերը յայտարարեց, որ կրցած են Լիբանանի մէջ վերջ դնել 5 խմբաւորումներու, որոնք իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծումի թիրախ կը դարձնէին:

Իսրայէլեան հրետանին կէսօրին ռմբակոծեց Պասթրայի շրջանը, Քաուզահ, Ռամիա եւ Այթա Շաապ գիւղաքաղաքները, ինչպէս նաեւ Այթարունի բարձունքներն ու Պլիտա գիւղաքաղաքին շրջակայքը:

Նշենք, որ ռմբակոծումի ընթացքին իսրայէլեան օդուժը մնայուն կերպով թռիչք կատարեց հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին վերեւ:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Մարուն Ռասի բնակարաններէն մէկը, ուր հրդեհ բռնկեցաւ:

Լիբանանեան Կարմիր խաչը, լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը փութացին այդ վայրը:

Իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին ռմբակոծումը` այս անգամ թիրախ դարձնելով Քֆարքիլան եւ Տէյր Միմասը:

Ժամ մը ետք, իսրայէլեան բանակին յատուկ ռատիոկայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժեր կը շարունակեն ռմբակոծել լիբանանեան հողերը` Քըրիաթ Շմոնայի ռմբակոծումին իբրեւ պատասխան:

Աւելի ուշ անոնք ֆոսֆորային ռումբերով թիրախ դարձուցին Մշայրֆէն եւ Լապպունէն:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ Հըզպալլայի տեղեկատուական հաստատութիւններուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ խնդրեց 7 հոկտեմբեր 2023-էն սկսեալ  Դիմադրութեան նահատակները կոչել «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»:

Այս շրջագիծին մէջ Հըզպալլա երէկ յայտնեց, թէ ժիհատի ուղիին վրայ նահատակուած են Ահմետ Հասան Ապպուտ, Քամիլ Հիւսէյն Սուէյտան, Հիւսէյն Ալի Պաժուք, Իսմայէլ Հասան Մաուլա, Ատել Մահմուտ Զաայթեր, Հայտար Ժաուատ Թարշիշի եւ Մահմուտ Ահմետ Տարուիշ:

Սլիմ – Վրոնեցքա Հանդիպում

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Սլիմ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեան եւ անոնց առաքելութեան շարունակութեան` աւելցնելով Լիբանանի երախտագիտութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կատարած բոլոր զոհողութիւններուն, որոնք պաշտպանած են երկրին կայունութիւնը:

Սլիմ ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Ան շեշտեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը եւ հաստատեց, որ Կազայի մէջ արիւնահեղութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, ու շրջանը դուրս բերուի տագնապալի իր իրավիճակէն` ՄԱԿ-ի որոշումներուն հիման վրայ:

Իր կարգին, Վրոնեցքա շեշտեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան, յատկապէս բանակին օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանը զերծ կացուցելու Կազա-Իսրայէլ տագնապին հետեւանքներէն», յայտնեց Վրոնեցքա եւ Սլիմին ներկայացուց այդ իմաստով ՄԱԿ-ի  ջանքերը:

Լիբանանեան Անձնաւորութիւններու Եւ
Օտար Դիւանագէտներու Կեցուածքներ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի ներկայացուցիչ Հատի Հաշեմ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքական լուծման բացակայութեան եւ Կազայի դէմ երրորդ շաբաթն ըլլալով պատերազմի շարունակուելուն ու զայն կասեցնելու անկարողութեան լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի ծիրին ընդարձակուելուն վտանգը աւելի հաւանական կը դառնայ:

Հաշեմ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանցի եւ օտար լրագրողները Լիբանանի մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը, լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլայի նահատակութիւնն ու Կազայի մէջ 13 այլ լրագրողներու սպանութիւնը կը փաստեն Իսրայէլի կողմէ ազատութիւնները ճնշելու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրային ուշադրութիւնը շեղելու ճիգերը:

Ան հաստատեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն չկայ` առանց պաղեստինեան դատին արդար լուծման, ինչպէս նաեւ արաբական հողերէն` Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Պաղեստինէն Իսրայէլի նահանջին:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին` ճնշում բանեցնելու թշնամի Իսրայէլի դէմ, որպէսզի ան Լիբանանի դպրոցները զերծ կացուցէ ռմբակոծումէ:

Հալապի խստիւ դատապարտեց Այթա Շաապի դպրոցը ռմբակոծելու իսրայէլեան արարքը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանան առեւանգուած է, եւ անոր օրինական իշխանութիւնը պետութեան սեփականութիւնը չէ:

«Կառավարութիւնը կը բաւարարուի պատերազմի պարագային որդեգրուելիք ծրագիրի մշակումով եւ ոչ թէ փորձելով շրջանցել պատերազմի հաւանականութիւնը: Ցաւալի է այս իրավիճակը, որովհետեւ լիբանանցիները իրենց հայրենիքի ապագային մասին որոշում չունին», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակը հարաւ ուղարկելու եւ ապահովական մագլցումները արգիլելու ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու փոխարէն, հարաւային Լիբանանը ձգուած է իր ճակատագիրին, եւ պետութիւնը բացակայ է այդ շրջանէն:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը լիբանանեան պետութեան մօտ չի գտնուիր, այլ` Հըզպալլայի:

Ան ընդգծեց, որ եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի լուրջ են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով, ապա թող լիբանանեան բանակը տեղակայուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքի դաշտին մէջ եւ լիբանանցի ու պաղեստինցի զինեալներուն կոչ ուղղուի` հեռանալու սահմանագիծէն:

Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրու Պառնզ «Էքս» ելեկտրոնային հարթակին վրայ կատարեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն Լիբանանի մէջ աւստրալիացի քաղաքացիներուն ուղղելով իր խօսքը նշեց, թէ Աւստրալիա տակաւին կը յորդորէ իր քաղաքացիները Լիբանան չայցելելու` ապահովական ապակայունութեան եւ վտանգին պատճառով: «Հետեւաբար եթէ ձեզմէ ոմանք կը փափաքին լքել Լիբանանը, ապա առաջին առկայ թռիչքով իսկ պէտք է մեկնիլ, այլապէս` Աւստրալիոյ կառավարութիւնը պիտի չկարենայ օժանդակել ձեզի` լքելու Լիբանանը», աւելցուց Պառնզ:

Միւս կողմէ, պէտք է նշել, որ նախանցեալ գիշեր Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն ընտանիքները Պէյրութի միջազգային օդակայանէն փոխադրուեցան Ռիատ` սէուտական օդուժին տրամադրած օդանաւով:

 

Նախորդը

Պնաշհիի Մէջ. «Տարբեր Միտքերու Շուրջ Կայ Փոխըմբռնում, Եւ Նման Պայմաններու Ընթացքին Արգելքները Կը Շրջանցուին» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Փեսքով. «Մոսկուայի Մէջ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Քննարկման Վերաբերեալ Տակաւին Յստակ Փոխըմբռնում Չկայ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?