Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլիմ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Հոկտեմբեր 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Կուիտօ Քրոզզեթոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին Քրոզեթթօ յայտնեց, որ Իտալիա կը խորհրդակցի միջազգային ընտանիքին եւ շրջանի երկիրներուն հետ` քննարկելու համար Կազայի իրավիճակը: Ան ընդգծեց միացեալ աշխատանքին կարեւորութիւնը` մեղմացնելու համար շրջանային տագնապին բանեցուցած ճնշումը եւ այլ երկիրներ նման տագնապին մաս կազմելէ զերծ կացուցելու, որպէսզի հարցերը յաւելեալ բարդացում չարձանագրեն:

Քրոզեթթօ ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է անզէն քաղաքայիններուն պաշտպանութիւն ապահովել:

Ան բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ մնայուն գործակցութիւնը` շեշտելով, որ Իտալիա պատրաստ է յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու լիբանանեան բանակին:

Իր կարգին, Սլիմ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին անոր տրամադրած օժանդակութեան համար:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեան եւ անոր ստանձնած աշխատանքին շարունակութեան:

«Լիբանանեան բանակը էր եւ յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ համագործակցութեան բարձր մակարդակը պահպանելու», շեշտեց Սլիմ:

Սլիմ անդրադարձաւ նաեւ ապահով բնակիչներուն դէմ իսրայէլեան գոյացութեան գործած ոճիրներուն, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ բնակելի շէնքեր եւ հիւանդանոցներ ռմբակոծելու անոր անմարդկային արարքներուն, որոնք նաեւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտումներ են:

Սլիմ զգուշացուց պաղեստինցիները տեղահան ընելու վտանգէն` աւելցնելով, որ անիկա կրնայ բարդացնել տագնապը եւ ընդարձակել տագնապին տարողութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շիա. «Կը Մերժենք Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մը Մէջ Ներքաշելու Ոմանց Սպառնալիքները»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?