 Աւելի քան երեք շաբաթներէ ի վեր բռնկած Կազայի դէպքերը իրենց անխուսափելի հետեւանքները կ՛ունենան Լիբանանի մէջ: Փաստօրէն, լիբանանեան տարբեր կողմեր, անկախ իրենց քաղաքական արեւելումէն, կը զօրակցին Կազայի մէջ գոյութենական պայքար մղող պաղեստինցի ժողովուրդին, յատկապէս` մարդասիրական դիտանկիւնէն: Այս գծով խնդրայարոյց կիզակէտ դարձած է, թէ արդեօք Լիբանան զինուորապէս ու մարդուժով պէ՞տք է զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդին, ուր հիմնական հարցադրումներ կը ծագին, թէ արդեօք բախումները (չըսելու համար պատերազմը) կրնան ընդգրկել կամ ներքաշել նաեւ Լիբանանը: Այս իմաստով լիբանանցի վարիչներ ձեռնարկած են այլազան շփումներու, տեղական թէ արտաքին առնչակից կողմերու հետ, փորձելով Լիբանանը զերծ պահել հաւանական պատերազմի վտանգէն: Արդարեւ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ` ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, կարճ ժամանակով մասնակցեցաւ ելեւմտական ու տնտեսական միացեալ ժողովին, ուր օրակարգը հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր երկրի ելեւմտական շուկայի, յատկապէս` ամերիկեան տոլարի սակագինի կայունութեան պահպանման վրայ: Այս առիթով տնտեսագէտներ հաստատեցին, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ պատկան պատասխանատուներ ճիգ չեն խնայեր կայուն պահելու ամերիկեան տոլարին սակագինը, որ գրեթէ ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ «կը վարէ» լիբանանեան թղթոսկիի եւ սպառողական նիւթերու շրջանառութիւնը լիբանանեան շուկային մէջ: Նոյն ծիրին մէջ, վառելանիւթի մարզի պատասխանատուներէն Ֆատի Ապու Շաքրա հանդարտեցուց պենզինի կայաններ խուժելու տրամադիր լիբանանցիները` հաւաստիացնելով, թէ անհրաժեշտ միջոցառումներ ձեռք առնուած են պենզինի եւ մազութի ապահովման գծով եւ խուճապի պէտք չկայ: Իսկ ալիւրի եւ յատկապէս փռապաններու սենտիքայի նախագահ Նասեր Սրուր երէկ կոչ ուղղեց վարչապետին եւ պատկան պատասխանատուներուն` վերակենդանացնելու պետական տարրական մարզերու գործունէութիւնը, որոնք կրնան զգալի եկամուտ ապահովել պետական սնտուկին: Սրուր նաեւ կոչ ուղղեց նիւթական անհրաժեշտ վարկերը յատկացնելու` ներածել կարենալու համար ցորենով ամբարուած երկու մեծ նաւերու քանակը: Ան յիշեցուց, թէ ներկայիս ձեռնտու ալիւրի քանակը բաւարար է մէկ ամսուան համար:

Իսկ Պէյրութի նաւահանգիստի եւ օդակայանի ապահովութեան գծով պատկան նախարարներ եւ վարիչներ մամլոյ ասուլիսներով հաւաստիացուցին, թէ կանխազգուշական բոլոր միջոցառումները կ՛առնուին հաւանական պատերազմի հետեւանքները կանխելու գծով: Այս ծիրին մէջ սակայն գերմանական «Լուֆթհանզա» ընկերութիւնը դէպի Լիբանան իր թռիչքները առկախեց մինչեւ 14 նոյեմբեր 2023:
Նաեւ` Դիւանագիտական Եռուզեռ
Դիւանագիտական առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներ իրենց կարգին մտահոգ ու նախանձախնդիր են Լիբանանը զերծ պահելու Կազայի դէպքերու Լիբանան տարածումէն: Այս մտահոգութիւնը առաւել եւս շեշտակի դարձաւ յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող վերջին օրերու ապահովական միջադէպերու լոյսին տակ: Փաստօրէն, ՄԱԿ-ի, Եւրոպական Միութեան ու անոնց առնչակից մարմիններու պատասխանատուներ սերտ շփումներ ունեցան լիբանանցի պատկան պատասխանատուներու հետ` կոչ ուղղելով առաւելագոյն զսպուածութեան, միաժամանակ տրամադրութիւն յայտնելով անհրաժեշտ օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանի կարիքաւորներուն:
Նոյն ծիրին մէջ, Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ ձեռնարկած է զանազան հանդիպումներու` լիբանանցի ղեկավարներու հետ, որոնց նորագոյնը` լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Նմանապէս, իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իրանի ապահովական ու խորհրդարանի բարձրաստիճան պատասխանատու Իպրահիմ Ազիզի, շրջանի երկիրներուն տուած իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ երէկ անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Լիբանան գտնուող պաղեստինեան պատասխանատու ղեկավարներու հետ: Իրանեան պատուիրակութեան կ՛ընկերանար Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի:
Նոյն նախանձախնդրութեամբ իրադարձութիւններուն կը հետեւին նաեւ ամերիկեան շրջանակներ, ուր դեսպան Տորըթը Շիա լիբանանցի պատասխանատուներու թելադրած էր Լիբանանը հեռու պահել Կազայի դէպքերէն: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի վարիչ Պարպարա Լիֆ մօտերս Լիբանան այցելէ, մօտէն հետեւելու համար տիրող կացութեան:
Իր կարգին, Վատիկան եւս մօտէն կը հետեւի կացութեան նորագոյն ծալքերուն: Այս ծիրին մէջ, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, թէ Հռոմի պապին թելադրանքով պապական նուիրակ Փեթրօ Փարոլինի մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին ու անոր ընկերացող կղերականներուն հետ հանդիպումի ձեռնարկած է` քննելու համար Լիբանանի նորագոյն իրադարձութիւնները:
Նմանապէս, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հանդիպում ունեցաւ օտար երկիրներու, յատկապէս` Քուպայի, Արժանթինի, Ֆիլիփեան կղզիներու, Ազրպէյճանի եւ այլ երկիրներու դեսպաններուն հետ, ուր խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Կազայի դէպքերն ու այս առիթով դէպի Լիբանան գաղթականական հոսքի հետեւանքները:
Այս զօրաշարժը հիմնականին մէջ կը կատարուի ապահովական վերջին զարգացումներուն ինչպէս նաեւ Իսրայէլի նորագոյն սպառնալիքներուն լոյսին տակ, ուր իսրայէլացի պատասխանատուներ պատկան ղեկավարներուն ժամանակ տուած են մինչեւ ընթացիկ հոկտեմբեր ամսուան աւարտը` «լուծելու» Կազայի վիճակը եւ կամ վերադառնալու նախկին սթաթիւս քոյին` իրավիճակին: Այլ խօսքով` հետզհետէ բախումներու սաստկացման զուգահեռ լիբանանեան հարաւային սահմանի համեմատական զգուշաւոր կացութիւնը (հակառակ իր պատճառած զոհերուն` լիբանանեան սահմաններէն ներս) կը յիշեցնէ փոթորիկը կանխող հանդարտութիւնը, ինչպէս որ բնութագրած է Քառնըկիի Միջին Արեւելքի գլխաւոր մեկնաբաններէն Մայքըլ Եունկ: