Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դեսպանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ 23 հոկտեմբեր 1983-ին ամերիկացի նաւազներու կեդրոնատեղիի պայթումին 40-ամեակը:
Այս առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա ոգեկոչեց զոհուած նաւազներուն յիշատակը: Ան նշեց, որ օրին անձնասպանական գործողութիւն մը կատարուած էր եւ 241 ամերիկացի նաւազներ զոհուած էին` աւելցնելով, որ անոնց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ:
Շիա, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, ծաղկեպսակ մը զետեղեց ամերիկեան դեսպանատան մէջ նաւազներուն յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին:
Շիա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` լիբանանցիներուն նկատմամբ, շատ աւելի հզօր է, քան` որեւէ երկչոտ արարք, բռնութիւն կամ ահաբեկչութիւն:
Շիա հաստատեց, որ 40 տարի առաջ ամերիկացի նաւազները` ֆրանսացի, իտալացի եւ բրիտանացի անոնց դաշնակիցներուն կողքին, Լիբանան եկած էին Լիբանանի կառավարութեան խնդրանքով, որպէսզի Պէյրութի եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը վերահաստատեն: «Օրին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն յայտնած էր, թէ նաւազները կ՛ուղարկենք Լիբանան, որպէսզի երաշխաւորենք հետեւեալ տարազը. «Արտօնել, որ լիբանանցիները որոշեն իրենց ապագան», շեշտեց Շիա` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին կը շարունակեն այս ձգտումով գործել:
Շիա շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանը նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշելու ոմանց սպառնալիքները` հաստատելով, որ ինք միայն Հըզպալլայի ու Իրանի մասին չի խօսիր, այլ` Համասի մասին, որ պաղեստինցի ժողովուրդին ձգտումներն ու արժանիքները չի դրսեւորեր:
Ան ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանն ու լիբանանցիները կ՛արգիլէ փայլուն ապագայ մը ունենալէ: