Լիբանան Կը Շարունակէ Վտանգէն
Նուազագոյն Վնասով Դուրս Գալու Ճիգերը
Հակառակ բախումներու դադրեցման բազմակողմանի կոչերուն, շաբաթավերջին Լիբանանի յատկապէս հարաւային սահմանամերձ շրջաններու կարգ մը կեդրոններ Եւ աւաններ, քաղաքներ թիրախ դարձան իսրայէլեան հրթիռային յարձակումներու: Արդարեւ, կը թուի, թէ Իսրայէլ որոշած է Կազա ներխուժել հանգրուանային ցամաքային թափանցումներով` ընկերակցութեամբ միաժամանակ օդային եւ ծովային դիրքերէ յարձակումներու: Իսրայէլեան ուժերու մարտավարական այս ետքայլը գլխաւոր արգասիքն է հետզհետէ ձիւնագնդակի նման բարձրացող դատապարտումի ալիքին եւ բախումներու դադրեցման կոչերուն ու «թելադրանքներուն» շրջանային թէ միջազգային ազդեցիկ կողմերէ: Այսուհանդերձ լիբանանեան հարաւային շրջանները` Նաքուրայէն մինչեւ Սուր, Մարժեհիուն եւ մերձակայքը, զերծ չմնացին այդ մարտավարութեան հարուածներէն, քաղաքական այն մակընթացութեամբ, թէ այդպիսով կարելի է հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը վրիպեցնել Կազայի մէջ արձանագրուող քաոսային վիճակէն: Փաստօրէն, շաբաթավերջին Լիբանանի հարաւը կիզակէտը դարձաւ իսրայէլեան յարձակումներուն, որոնք ինչ-ինչ պատրուակներով Իսրայէլ փորձեց արդարացնել: Բախումները մարդկային վիրաւորներու կողքին նաեւ պատճառեցին նիւթական վնասներ եւ հոգեբանական գլխաւոր խթան հանդիսացան հարաւցիներուն իրենց իսկ հայրենիքին մէջ «գաղթելու»: Արդարեւ, նորագոյն տեղեկութեանց համաձայն, 29 հազար հոգի ստիպուած եղած է իր բնակարանը լքելու` աւելի ապահով ապաստաններու փնտռտուքով: Յարձակումներէն անմասն չմնացին նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը, ուր Նեփալի ջոկատէն սպայ մը վիրաւորուեցաւ: Լուրը հաստատեց նշեալ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի` նշելով, որ ստուգում կը կատարուի ճշդելու համար յարձակման կողմը կամ աղբիւրը:
Բախումներու դադրեցման կոչերուն ձայնակցեցան նաեւ լիբանանեան ղեկավար թէ ժողովրդային շրջանակներ` նկատի ունենալով Լիբանանի առանց այդ ալ տագնապալի իրավիճակը տնտեսական, ընկերային, ժողովրդագրական թէ առողջապահական առումով, ինչ որ իր զգալի հետեւանքները կրնայ ունենալ լիբանանցիներու, յատկապէս երիտասարդ մարդուժի արտագաղթին վրայ:
Խաղաղարարար Ճիգերը Կը Շարունակուին
Մէկէ Աւելի Ուղղութիւններով
Իրերու այս դրութեան մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ձեռնարկեց արաբական շրջապտոյտի, որուն առաջին կանգառը եղաւ Քաթարը: Երէկ ան տեսակցեցաւ Քաթարի իշխանին շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի հետ` ներկայութեամբ բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ լիբանանեան պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի դեսպան Ֆարահ Պըրրիի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Միքաթի նաեւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Քաթարի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Դարձեալ նոյն շրջագիծին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ շարունակեց իր շփումները օտար երկիրներու ներկայացուցիչ դիւանագէտներուն հետ: Այս իմաստով ան նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, ուր ան շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ անհրաժեշտ է ճնշում բանեցնել` դադրեցնելու համար բախումները:
Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր նախկին տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ լուսարձակէ հեռու սերտ ճիգերու ձեռնարկած է բախումներու դադրեցման համար, շաբաթավերջին ընդունեց Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Փեթեվիկը, որուն հետ քննարկեց Կազայի դէպքերն ու հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները:
Լիբանանեան հրապարակին վրայ զօրակցական մէկէ աւելի ելոյթներ կազմակերպուեցան շաբաթավերջին, հիւսիսային Հերմել շրջանէն մինչեւ Սայտա եւ մերձակայքը: Նաեւ քաղաքական դէմքեր վերահաստատեցին պաղեստինցի ժողովուրդին իրենց զօրակցութիւնը: Ուշագրաւ է, որ այս քաղաքական «մաղթանքը» խնդրայարոյց մարտահրաւէր դարձաւ լիբանանցի տարբեր արեւելումներու հետեւող ղեկավարներու համար, երբ անոնց մեծ մասը զօրակցութեան կողքին շեշտեցին Լիբանանը զերծ պահելու այդ յարձակումներու հետեւանքներէն: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին շրջեցաւ Պայսուրի եւ մօտակայ շրջաններ, ուր ընդգծելով պաղեստինցիներուն իր զօրակցութիւնը փափաք յայտնեց, որ «չներքաշուինք այս պատերազմին մէջ»:
Նոյն ծիրին մէջ, Հըզպալլայի ղեկավարներ շեշտեցին Պաղեստինի զօրակցութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով , որ անիկա համաարաբական դատ է: Երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը ի՛նք կ՛որոշէ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի հակադարձէ Իսրայէլի յարձակումներուն: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ դատապարտեց արաբական կարգ մը երկիրներու անտարբերութիւնը` շեշտելով, որ պաղեստինցիք պիտի տոկան եւ շարունակեն պայքարիլ ու Հըզպալլա պիտի զօրակցի անոնց:
Նմանապէս Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները համազօր են համայն Լիբանանին ուղղուած հարուածի:
Նմանապէս Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխան Ալեն Աուն յիշեցուց, որ Լիբանանը ինքնապաշտպանութեան մղումով կը հակադարձէ իսրայէլեան յարձակումներուն, որոնք կը խախտեն միջազգային բոլոր օրէնքները: Աուն վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին:
Այս բոլորի լոյսին տակ ղեկավար թէ իրազեկ մեկնաբանական աղբիւրներ կը հաւաստիացնեն, թէ ընդհանուր պատերազմի վտանգ չկայ շրջանին մէջ` թելադրելով խուճապի չմատնուիլ: