Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ խորհրդարանի պաշտօնական կայքը ենթարկուեցաւ կայքահէնութեան: Խորհրդարանի վարչութեան թեքնիք յանձնախումբը անմիջապէս պաշտպանեց կայքը` սառեցնելով զայն: ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Միշել Աուն մահացաւ: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 22 յունուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Տամուրի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի...

«Առանց Երկխօսութեան Չկայ Լուծում»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կացութիւնը Կը Շարունակէ Վտանգաւոր Մնալ, Եւ Առանց Երկխօսութեան Չկայ Լուծում» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ալ սիասա ալ եաում» յայտագիրէն: Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով դժբախտաբար կայ սառած վիճակ մը` ներքին եւ արտաքին առումով: «Եթէ մենք ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ սառցահալ մը կատարելու անզօր ենք, ապա կարելի չէ արտաքին աշխարհին...

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց 2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը Քննարկելու Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց 2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը Քննարկելու Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի 24 եւ հինգշաբթի, 25 յունուարին, քննարկելու համար 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը: Կը նախատեսուի, որ քննարկումները կատարուին ցերեկային եւ գիշերային նիստերու ընթացքին: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար քաղաքական...

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ընդարձակ  Պատերազմ Մը Սկսելու Զգուշացումներ

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ընդարձակ Պատերազմ Մը Սկսելու Զգուշացումներ

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծի բռնկման եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ պատերազմի շրջագիծի ընդարձակման մտահոգութիւններուն համեմատութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի: Այս շրջագիծին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես զգուշացուց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընդարձակ պատերազմ մը սկսելէ` հաստատելով, որ անոր հետեւանքները կրնան աղէտալի ըլլալ: «Ամէն գնով պէտք է խուսափիլ այդ հաւանականութենէն», ընդգծեց Կութիերես: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանդ երէկ երեկոյեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ...

«Առանց Երկխօսութեան Չկայ Լուծում»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Առանց Երկխօսութեան Չկայ Լուծում» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ալ սիասա ալ եաում» յայտագիրէն: Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով կայ սառած վիճակ մը` ներքին եւ արտաքին առումով: «Եթէ մենք ներքին սառցահալ մը չկատարենք, ապա կարելի չէ արտաքին աշխարհին վստահիլ, որովհետեւ օտար պետութիւնները ունին...

Պըրրի Կիպրոսի Գաղտնի Սպասարկութեան  Պետին Հետ Քննարկեց Իրադարձութիւնները

Պըրրի Կիպրոսի Գաղտնի Սպասարկութեան Պետին Հետ Քննարկեց Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կիպրոսի գաղտնի սպասարկութեան պետ Թասոս Ցիոնիսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, մանաւանդ գետնի վրայ արձանագրուած ապահովական մագլցումները` նկատի ունենալով Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները: Խորհրդարանի նախագահը Ցիոնիսի հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները: Պըրրի ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն...

Միքաթի. «Իրանի Կողմէ Իրաքի Ռմբակոծումին Հարցով Լիբանան Իրաքի Կողքին Կը Կանգնի»

Միքաթի. «Իրանի Կողմէ Իրաքի Ռմբակոծումին Հարցով Լիբանան Իրաքի Կողքին Կը Կանգնի»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Տաւոսի մէջ տարբեր պետութիւններու ղեկավարներուն եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ իր կատարած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները: Քննարկուեցաւ նաեւ նախարարներու մակարդակով Արաբական լիկայի գումարած նիստն ու անկէ բխած հաղորդագրութիւնը: Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան բացարձակ կերպով կը զօրակցի արաբական որեւէ երկրի, որուն դէմ յարձակում...

Եգիպտոսի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանները Կը Քննարկեն Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Եգիպտոսի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանները Կը Քննարկեն Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին համադրուեցան նաեւ եգիպտական-սէուտական տեսակէտներն ու կեցուածքները` եղբայր Լիբանանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին յաջորդ ժողովը լաւապէս կազմակերպելու հեռանկարները: Մուսա շեշտեց, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի նախագահական դատարկութեան փուլը աւարտելու իմաստով...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները: Պու Սաապ ընդգծեց պատերազմը կասեցնելու նպատակով դիւանագիտական ճիգերը շարունակելու կարեւորութիւնը: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ...

Տաւոսի Մէջ.   Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ` Կասեցնելու Համար Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իր Գործած Բռնարարքները

Տաւոսի Մէջ. Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ` Կասեցնելու Համար Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իր Գործած Բռնարարքները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Տաւոսի մէջ տեղի ունեցող Տնտեսական համաշխարհային ֆորումին ընթացքին արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ դիւանագիտական հանդիպումներ, որոնց ընթացքին ընդգծեց, որ Կազայի մէջ զինադուլ հաստատելն ու դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ անոր պէտք է յաջորդէ Պաղեստինեան հարցի խաղաղ լուծումը, որ պիտի երաշխաւորուի ապահով հայրենիք մը ունենալու պաղեստինցիներուն իրաւունքը ապահովելով: Միքաթի մեծ պետութիւններուն...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Հանդիպումները`  Մակրոյի Եւ Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան  Խորհրդարանական Յանձնախումբին Հետ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Հանդիպումները` Մակրոյի Եւ Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբին Հետ

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր նիստը: Խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրօ: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը Մակրոյի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, իսրայէլեան բռնարարքներն ու Իսրայէլի կողմէ...

Հալապի Նախագահեց Սեփական Դպրոցներու  Հանգստեան Կոչուած Ուսուցիչներուն  Վերաբերող Նիստի Մը

Հալապի Նախագահեց Սեփական Դպրոցներու Հանգստեան Կոչուած Ուսուցիչներուն Վերաբերող Նիստի Մը

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ սեփական դպրոցներու հանգստեան կոչուած ուսուցիչներու հատուցման թղթածրարը: Ժողովին ներկայ գտնուեցան կաթողիկէ վարժարաններու կրթական հաստատութիւններու համադաշնակցութեան համադրող հայր Եուսեֆ Նասըր, սեփական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ, ծնողական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ իրաւաբաններ եւ խորհրդականներ: Ժողովին ընթացքին ներկաները համաձայն գտնուեցան կարգ մը...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Նախագահական Դատարկութեան Փուլը Բնական Նկատելու Մօտեցումը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ժողովին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ միջլիբանանեան որեւէ երկխօսութիւն կ՛արդիւնաւորուի ազգային կեցուածքով մը, որ կը պահպանէ Լիբանանը իսրայէլեան բռնարարքներէն, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ իրենց հողին վրայ լիբանանցիներուն գոյատեւումը: Համախմբումը զօրակցութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն, որոնց բնակարանները ռմբակոծումի ենթարկուեցան եւ անոնք ստիպուեցան տեղահանուիլ իրենց բնակարաններէն: Համախմբումը ընդգծեց Լիբանանը պաշտպանելու...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել  Հարաւային Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ  Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

Հիւսիսային Լիբանանի պաղեստինեան Պատտաուի եւ Նահր Պարետ գաղթակայաններուն մէջ ընդհանուր գործադուլի եւ սուգի մթնոլորտ տիրեց` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին 100-րդ օրուան առիթով: Զոյգ գաղթակայաններուն մայր մուտքերը փակ պահուեցան առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցան բողոքի երկու ցոյցեր: Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները  շարունակուեցան բուռն թափով: Իսրայէլ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը, ինչպէս...

Պըրրի Եւ Միքաթի Ընդունեցին  Ամերիկացի Նոր Դեսպանը

Պըրրի Եւ Միքաթի Ընդունեցին Ամերիկացի Նոր Դեսպանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները` նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Կազայի դէմ կատարուած իսրայէլեան բռնարարքները: Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Ճոնսընը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի...

Քլեմանսոյի Մէջ.   Ֆրենժիէ Դարձաւ Ժոմպլաթի Ընթրիքի Հիւրը

Քլեմանսոյի Մէջ. Ֆրենժիէ Դարձաւ Ժոմպլաթի Ընթրիքի Հիւրը

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ նախանցեալ օր դարձաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի ընթրիքի հիւրը: Քլեմանսոյի մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ էին նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ընթրիքին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր: Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մօտիկ...

Մանսուրի Կոչ Ուղղեց Դրական  Մթնոլորտ Տարածելու

Մանսուրի Կոչ Ուղղեց Դրական Մթնոլորտ Տարածելու

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շատեր տուժեցին երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին պատճառով, «սակայն անոնց փոխարէն շատեր նաեւ օգտուեցան տիրող այս տագնապէն», ըսաւ ան: Մանսուրի ընդգծեց, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի ոսկիին ոչ ոք դպչած է` կտրականապէս հերքելով այն յայտարարութիւնները, թէ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի, թէ Լիբանան սնանկացած երկիր է: Մանսուրի շեշտեց, որ 2023-ի...

Միքաթի. «Կը Ջանանք Դիւանագիտական Լուծումներ  Գտնել` Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Կայունութիւնը Վերահաստատելու»

Միքաթի. «Կը Ջանանք Դիւանագիտական Լուծումներ Գտնել` Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կայունութիւնը Վերահաստատելու»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին վերստին շեշտեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով կը ջանայ դիւանագիտական լուծումներ գտնել` հարաւային սահմանագիծին կայունութիւնը վերահաստատելու: Ան նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն իմացած է, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը վերահաստատելու առումով նոր լուծման առիթի մը դէմ յանդիման կը գտնուին: Միքաթի շեշտեց դարձեալ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն...

Քանաան. «Պետական Ամավարկի Նախագիծին  Բարեփոխումները Վաւերացուցինք»

Քանաան. «Պետական Ամավարկի Նախագիծին Բարեփոխումները Վաւերացուցինք»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, շեշտեց, որ յանձնախումբը վաւերացուց պետական ամավարկի նախագիծին բարեփոխումները: Յանձնախումբի նիստին ներկայ էին նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ժորժ Մաարաուին, նախարարութեան ներածումի բաժինի պատասխանատու տնօրէն Լուայ Հաժ Շահատէն, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ծախսերու բաժինի պատասխանատու Հայֆա Մանսուրը: Քանաան նշեց, որ յանձնախումբը կրնայ յանգիլ տարբեր արդիւնքներու, քան այն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 1000 լ. ոսկիով, մազութինը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ  պիւթակազին սակը` 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն...

Page 224 of 987 1 … 223 224 225 … 987

Արխիւներ