Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ խորհրդարանի պաշտօնական կայքը ենթարկուեցաւ կայքահէնութեան: Խորհրդարանի վարչութեան թեքնիք յանձնախումբը անմիջապէս պաշտպանեց կայքը` սառեցնելով զայն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Միշել Աուն մահացաւ: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 22 յունուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Տամուրի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը երեսփոխաններուն առաջին պարտականութիւնն է, եւ այդ մէկը չկատարելը ժողովուրդին դէմ գործուած դաւաճանութիւն է: «100-րդ անգամն ըլլալով կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին խորհրդարանը հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան նիստի: Ընտրեցէ՛ք հանրապետութեան նախագահը, որպէսզի օրէնսդրութիւն կատարելու իր իրաւունքը կորսնցուցած խորհրդարանը դուրս բերէք իր ներկայ վիճակէն», ըսաւ ան: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց Լիբանանի ճակատագիրը ոչ մէկ այլ երկրի ճակատագիրի հետ կապելու, ինչքան ալ իրաւացի ըլլայ այդ երկրին դատը: «Արդեօք մեզի համար ո՞վ մահացաւ, երբ մենք տագնապներու, պատերազմներու եւ թշնամիին ու ոչ թշնամիին ռմբակոծումներուն կ՛ենթարկուէինք», հարց տուաւ ան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Նիւ Եորք, ուր  պիտի մասնակցի Միջին Արեւելքի կացութիւնը քննարկելու նուիրուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 23 յունուար 2024-ին, նախարարներու մակարդակով: Կը նախատեսուի, որ Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ ունենայ դիւանագիտական բարձր մակարդակի հանդիպումներ:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձի բարելաւումը պէտք է վաւերացուի կառավարութեան գումարելիք յաջորդ երկու նիստերէն մէկուն ընթացքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ըսաւ. «Մտահոգ ենք, որ լիբանանեան գերիշխանութեան հաշուոյն գործարք մը պիտի կատարուի: Կը մերժենք Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրել, Հըզպալլա կը ջանայ ջնջել նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծ հաւանականութիւն կայ քաղաքական սպանութիւններ կատարելու»:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի այնպիսի անձնաւորութիւն մը, որուն համար պետութեան որոշումէն շատ աւելի առաջնահերթ է պետութեան մէջ գործող պետութեան որոշումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին հաստատեց, որ ամբողջ շրջանը վտանգաւոր եւ զգայուն կացութեան մէջ կը գտնուի, եւ որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական պլոքի նախագահ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութեան զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ Լիբանանի հետ կապուած որեւէ հարցի շուրջ երկխօսութիւն կարելի չէ կատարել, մինչեւ որ Կազայի դէմ բռնարարքները կասեցուին:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ ընդարձակ պատերազմ մը սանձազերծելու իսրայէլեան սպառնալիքները սնամէջ են եւ անիրական:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ երբ իսրայէլացին կ՛որոշէ ընդարձակել բռնարարքներուն օղակը, ապա ան պիտի ստանայ մեծ ապտակ մը, «իսկ եթէ թշնամին այս թափով շարունակէ բախումները, ապա մենք պիտի շարունակենք անոր դիմադրել` զօրակցելով եւ օժանդակելով պաղեստինցի մեր եղբայրներուն», ըսաւ ան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու լիբանանեան զարգացումները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարաւային Լիբանանի դէպքերուն հետեւողներուն եւ աւելի ծանր ու ընդարձակ բախումներ սպասողներուն տուաւ հետեւեալ հարցը. «Մոռցա՞ք, որ արեւելքէն նոր իրադարձութիւններ սպասողը մնայուն կերպով անակնկալի կու գայ` ի տես արեւմուտքէն արձանագրուող դէպքերուն»:

Նախորդը

Իսրայէլ Հարուածած Է Դամասկոսի Մեզզէ Շրջանը` Սպաննելով Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի 5 Անդամ

Յաջորդը

Պասիլ. «Վարչական Եւ Ելեւմտական Ապակեդրոնացեալ Ընդարձակ Դրութիւնը Ստանալու Պարագային Կրնամ Ընդունիլ Ֆրենժիէն, Զօր. Աունը Կամ Ուրիշ Մը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.