Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւոսի Մէջ. Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ` Կասեցնելու Համար Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իր Գործած Բռնարարքները

January 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Տաւոսի մէջ տեղի ունեցող Տնտեսական համաշխարհային ֆորումին ընթացքին արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ դիւանագիտական հանդիպումներ, որոնց ընթացքին ընդգծեց, որ Կազայի մէջ զինադուլ հաստատելն ու դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ անոր պէտք է յաջորդէ Պաղեստինեան հարցի խաղաղ լուծումը, որ պիտի երաշխաւորուի ապահով հայրենիք մը ունենալու պաղեստինցիներուն իրաւունքը ապահովելով:

Միքաթի մեծ պետութիւններուն կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ` կասեցնելու համար հարաւային Լիբանանի դէմ իր գործած բռնարարքները եւ վերջ տալու համար լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան մնայուն ոտնձգութիւններուն:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին եւ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի, Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէի, Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Սուտանիի, Թունուզի վարչապետ Ահմետ Հաշանիի, Փաքիստանի վարչապետ Անուար Հաք Քաքերի, Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռոթէի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսի եւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալընպըրկի հետ:

Միքաթի. «Սկսած Ենք Պատրաստել Հարաւային Լիբանանի Եւ
Ամբողջ Շրջանին Մէջ Երկարատեւ Կայունութեան Փուլ Մը»

Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Կազայի պատերազմը տնտեսական առումով իր ազդեցութիւնը ունեցած է արաբական բոլոր երկիրներուն եւ ընդհանրապէս շրջանին վրայ, ներառեալ Լիբանանը:

Միքաթի նշեց, որ Կազայի դէմ պատերազմին առաջին օրէն իսկ ինք զինադուլի կոչ ուղղած է` շեշտելով, որ զինադուլը անկիւնաքարն է` մնայուն կայունութեան հաստատումին, ինչպէս նաեւ շրջանի հարցերուն լուծման ապահովումին` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ամրապնդման եւ գործադրութեան ամբողջացման, թէ պաղեստինեան հարցի լուծման առումով:

«Պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապէն 70 տարի ետք, տակաւին նոյն օղակին մէջ կը գտնուինք: Ներկայ պատերազմը կրնայ որոշ ժամանակի համար կանգ առնել, սակայն կրկնուիլ, եւ այդ մէկը այսուհետեւ արտօնելի չէ: Սկսած ենք պատրաստել շրջանին մէջ մնայուն կայունութիւն կերտել` սկսելով հարաւային Լիբանանէն եւ հասնելով մինչեւ Պաղեստինեան դատի լուծման», ըսաւ ան:

Միքաթի վերահաստատեց իր զգուշացումը` Լիբանանը դարձեալ պատերազմի մէջ ներքաշելէ:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ Լիբանան խաղաղութիւն կը պահանջէ` աւելցնելով, որ խաղաղութեան որոշումը Լիբանանի կը պատկանի, իսկ պատերազմի որոշումը` Իսրայէլի:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնը նախանձախնդիր է պատերազմը հեռացնելու Լիբանանէն, որովհետեւ այս պարագային միայն Լիբանանը չէ որ զոհ կը դառնայ, այլ` ամբողջ շրջանը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածը ոչ մէկ կապ ունի նախագահական ընտրութեան հետ:

Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ Կարմիր ծովուն մէջ պատահածը տնտեսապէս սուղ պիտի արժէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն համար:

 

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Հանդիպումները` Մակրոյի Եւ Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբին Հետ

Յաջորդը

Վրաստան. «Պատրաստ Ենք Աջակցելու Շրջանային Կայունութեան Ուղղուած Նախաձեռնութիւններուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.