Լիբանանեան

Խորհրդարանը 2024-ի Պետական Ամավարկի  Քննարկման Օրէնսդրական Իր Նիստերը Սկսաւ Գումարել  Ելեկտրականացած Մթնոլորտի Մէջ

Խորհրդարանը 2024-ի Պետական Ամավարկի Քննարկման Օրէնսդրական Իր Նիստերը Սկսաւ Գումարել Ելեկտրականացած Մթնոլորտի Մէջ

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին սկսաւ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը քննարկելու օրէնսդրական նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ նախարարի պաշտօնակատարներուն, որոնցմէ բացակայեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ` վիրահատումի ենթարկուած ըլլալուն պատճառով: Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով երեք նախկին երեսփոխաններ Մոհամետ Պայտունի, Մոհամետ Եաղիի եւ Էլի Աունի մահուան յիշատակը: Պետական ամավարկին մասին...

Միքաթի Ընդունեց Սպանիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարը

Միքաթի Ընդունեց Սպանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլիի, ինչպէս նաեւ իր խորհրդականներուն` Նիքոլա Նահհասի եւ Պութրոս Ասաքերի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խեսուս Իկնասիօ Սանթոս Ակուատոն, ինչպէս նաեւ Ալպարեսին ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ` միշտ Լիբանանին զօրակցելու առումով, ինչպէս նաեւ դրուատեց հարաւային...

Նիւ Եորքի Մէջ.   «Լիբանան Պատերազմ Չ՛ուզեր»   Շեշտեց Պու Հապիպ

Նիւ Եորքի Մէջ. «Լիբանան Պատերազմ Չ՛ուզեր» Շեշտեց Պու Հապիպ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ, Միջին Արեւելքի կացութեան մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի գումարած նիստին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր, եւ օր մը օրանց չէ ցանկացած պատերազմիլ, որովհետեւ նախապէս 15 տարի շարունակ ապրած է պատերազմի վատ օրերը: Պու Հապիպ բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի...

Սամի Ժեմայէլ. «Կը Մերժենք Լիբանանը  Առաջնորդել Դէպի Քանդում»

Սամի Ժեմայէլ. «Կը Մերժենք Լիբանանը Առաջնորդել Դէպի Քանդում»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ հանդիպում մը ունենալէ ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ, հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը վարժ դարձաւ քաղաքական եւ ելեկտրոնային յարձակումներու` աւելցնելով, որ իրենք պատգամը ստացած են: Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր կեցուածքներէն, տեսակէտներէն եւ սկզբունքներէն, ինչպէս նաեւ հայրենիքը պաշտպանելու իր պատրաստակամութենէն ոչինչ պիտի փոխէ: «Կը մերժենք, որ...

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Դեկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 0,02 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի դեկտեմբեր ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 0,02 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2023-ի նոյեմբեր ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 1,61 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 1,30 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 0,01 առ հարիւր: - Պեքաայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմին եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող հարցեր: Պու Սաապ ընդգծեց, որ այդ ընդհարումները կասեցնելու միակ լուծումը դիւանագիտական...

Միքաթի Կ՛ընդգծէ Պաշտօնավարութիւնը  Շարունակելու Իր Պատրաստակամութիւնը, Իսկ Սէուտցի  Եւ Եգիպտացի Դեսպանները Կ՛այցելեն Պըրրիի

Միքաթի Կ՛ընդգծէ Պաշտօնավարութիւնը Շարունակելու Իր Պատրաստակամութիւնը, Իսկ Սէուտցի Եւ Եգիպտացի Դեսպանները Կ՛այցելեն Պըրրիի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հրապարակած այն յօդուածը, թէ ինք կը փափաքի քաղաքական ասպարէզը լքել, զուտ վերլուծումներ են, որոնք անտեղի են, «որովհետեւ Միքաթի պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, յատկապէս` Լիբանանի դիմագրաւած այս անկիւնադարձային կացութեան ընթացքին»: Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարիի եւ Մուժթապա Ամանիի միջեւ...

Նիւ Եորքի Մէջ.   Պու Հապիպ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Լաւրովի Եւ Ապտոլլահեանի Հետ

Նիւ Եորքի Մէջ. Պու Հապիպ Հանդիպումներ Ունեցաւ Լաւրովի Եւ Ապտոլլահեանի Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ ներկայացուց զեկուցում մը, որուն մէջ անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերահաստատելու Լիբանանի զօրակցական տեսակէտին: Պու Հապիպ նշեց, որ անիկա կարելի է յաջողցնել լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումով եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ...

Դեսպան Աթաբէկեան Միքաթիի Հետ  Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Դեսպան Աթաբէկեան Միքաթիի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Վարչապետարանին մէջ կատարուած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու օրակարգերը, ինչպէս նաեւ հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:  

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Կը Շարունակէ Իր Այցելութիւնները

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Շարունակէ Իր Այցելութիւնները

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Լայզա Ճոնսըն կը շարունակէ ծանօթացման նպատակով կատարուած իր արարողակարգային այցելութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ Ճոնսըն այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, յատկապէս ապահովական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին զօրակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: Մաուլաուի եւ Ճոնսըն քննարկեցին նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ...

Կիպրոսի Դեսպանը Զօրակցութիւն  Յայտնեց Լիբանանին

Կիպրոսի Դեսպանը Զօրակցութիւն Յայտնեց Լիբանանին

Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաժի Թիոտոսիուն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Ալամէ յայտնեց, որ Թիոտոսիուին ներկայացուցած է յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր յայտնած փետրուար ամսուան ընթացքին Եւրոպական խորհրդարան այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ան ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ սուրիացի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 3000 լ. ոսկիով, մազութինը` 10.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի...

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց ներքին եւ շրջանային անցուդարձերը: Բագրատունի խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտիւլ Ռահման պըն Ճասեմ Ալ Թանիի եւ Արամ Ա. վեհափառի հանդիպման ընդհանուր պատկերը` ծանրանալով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ հնգեակի գործունէութեան առնչուող բաժինին վրայ, ինչպէս նաեւ ընդգծելով այն կարեւորումը, որ Քաթար կը տեսնէ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մէջ: Հանդիպումի ընթացքին...

«Համաձայնութիւնը Կամայ Թէ Ակամայ  Պիտի Գոյանայ, Եւ Կան Բազմաթիւ Հարցեր,  Որոնք Արմատական Լուծման Կարիք Ունին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Համաձայնութիւնը Կամայ Թէ Ակամայ Պիտի Գոյանայ, Եւ Կան Բազմաթիւ Հարցեր, Որոնք Արմատական Լուծման Կարիք Ունին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սաութ քըլ Լըպնեն» ռատիոկայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ահտաս ֆի հատիս» յայտագիրէն: Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան ամէն իմաստով կը գտնուի փլուզուած վիճակի մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական, «հետեւաբար կարելի չէ լիբանանցիները հանգստացնող յայտարարութիւններ կատարել եւ անոնց մտահոգութիւնները փարատել», ըսաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ կարելի է...

Լիբանանի Յատուկ Հնգեակը Իր Աշխատանքները  Պիտի Աշխուժացնէ, Իսկ Հարաւային Լիբանանը  Կը Շարունակէ Մնալ Իսրայէլեան  Բուռն Ռմբակոծումներուն Թիրախը

Լիբանանի Յատուկ Հնգեակը Իր Աշխատանքները Պիտի Աշխուժացնէ, Իսկ Հարաւային Լիբանանը Կը Շարունակէ Մնալ Իսրայէլեան Բուռն Ռմբակոծումներուն Թիրախը

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով ճիգեր ի գործ դնելու եւ ջանքերը աշխուժացնելու շրջագիծին մէջ վստահելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը իր աշխատանքները պիտի աշխուժացնէ: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ հնգեակը փետրուար ամսուան սկիզբը գումարէ իր նիստը Ռիատի մէջ: Հնգեակին կողմէ նոր քայլեր առնելու եւ աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով առաջին ակնարկութիւնը կատարած էր Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ...

Իսրայէլ Կը Փափաքի Բախման Կանոնները Փոփոխութեան Ենթարկել` Ընդարձակելով  Հարաւային Լիբանանի Ռմբակոծումները

Իսրայէլ Կը Փափաքի Բախման Կանոնները Փոփոխութեան Ենթարկել` Ընդարձակելով Հարաւային Լիբանանի Ռմբակոծումները

Մինչ քաղաքական առումով շօշափելի դարձած են, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը կը ջանայ միաւորել իր կեցուածքները եւ ճշդել հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը  անջատելով Կազայի պատերազմէն, հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները կը դառնան աւելի բուռն եւ հետզհետէ շատ աւելի վտանգաւոր ու մտահոգիչ: Իսրայէլեան զինուորական աղբիւրներ մնայուն կերպով կը պահանջեն փոփոխութեան ենթարկել հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ որդեգրուած բախման կանոնները` ընդարձակելով ռմբակոծումի...

«Համաձայնութիւնը Կամայ Թէ Ակամայ  Պիտի Գոյանայ, Եւ Կան Բազմաթիւ Հարցեր,  Որոնք Արմատական Լուծման Կարիք Ունին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Համաձայնութիւնը Կամայ Թէ Ակամայ Պիտի Գոյանայ, Եւ Կան Բազմաթիւ Հարցեր, Որոնք Արմատական Լուծման Կարիք Ունին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սաութ քըլ Լըպնեն» ռատիոկայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ահտաս ֆի հատիս» յայտագիրէն: Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան ամէն իմաստով կը գտնուի փլուզուած վիճակի մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական, «հետեւաբար կարելի չէ լիբանանցիները հանգստացնող յայտարարութիւններ կատարել եւ անոնց մտահոգութիւնները փարատել», ըսաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ կարելի է...

Պըրրի Հալապիի Հետ Քննարկեց Կրթական Հարցեր

Պըրրի Հալապիի Հետ Քննարկեց Կրթական Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կրթական մարզին վերաբերող հարցերը: Քննարկուեցան նաեւ կրթական տարեշրջանի ապագան եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներուն հետեւանքները` կրթական տարեշրջանին վրայ: Հանդիպումէն ետք Հալապի յայտնեց, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է վաղը` երեքշաբթի, 23 յունուարին այցելելու հարաւային Լիբանան եւ ստուգելու սահմանամերձ շրջանին մէջ...

Ժոմպլաթ. «Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Ցուցանիշներ Չկան»

Ժոմպլաթ. «Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Ցուցանիշներ Չկան»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին այցելեց Ալէյի մէջ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպի բնակարանը: Նոյն վայրին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ալէյի հեղինակութիւններուն հետ: Այս առիթով Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Կազայի մէջ սանձազերծուած պատերազմը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ անոնք կրնան տարիէ մը աւելի երկար տեւել: «Այն խօսքերը, թէ պատերազմը վերջ պիտի գտնէ եւ...

Պասիլ. «Վարչական Եւ Ելեւմտական Ապակեդրոնացեալ Ընդարձակ Դրութիւնը Ստանալու Պարագային Կրնամ Ընդունիլ Ֆրենժիէն, Զօր. Աունը Կամ Ուրիշ Մը»

Պասիլ. «Վարչական Եւ Ելեւմտական Ապակեդրոնացեալ Ընդարձակ Դրութիւնը Ստանալու Պարագային Կրնամ Ընդունիլ Ֆրենժիէն, Զօր. Աունը Կամ Ուրիշ Մը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք առանձինն կ՛ակնարկէ, թէ նախագահական դատարկութեան փուլը շարունակելը վտանգաւոր է, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ առանց հանրապետութեան նախագահի կարելի չէ իշխել երկրին: «Զիս կը հրաւիրեն ընտրելու Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որպէսզի ստանամ ինչ որ կը փափաքիմ: Առաջարկները շատ էին, նոյնիսկ առաջարկեցին ընդունիլ Ֆրենժիէն վեց տարուան համար...

Page 223 of 987 1 … 222 223 224 … 987

Արխիւներ