Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր նիստը:
Խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրօ:
Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը Մակրոյի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, իսրայէլեան բռնարարքներն ու Իսրայէլի կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտումը:
Ալամէ նշեց, որ իրենց պարտականութիւնն է աւելի լաւ ըմբռնել այս հարցով Ֆրանսայի կեցուածքը, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը` մագլցումները մեղմացնելու եւ լիբանանեան բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն զօրակցելու առումով:
Ալամէ նկատել տուաւ նաեւ, որ անդրադարձ կատարուած է թիւ 1701 բանաձեւին, որուն մասին վերահաստատուած է, որ Ֆրանսա չի փափաքիր թիւ 1701 բանաձեւի բարեփոխումը: «Միացեալ նպատակը այն է, որ հարաւային սահմանագիծին վրայ ապահովական մնայուն կայունութիւն հաստատուի, եւ այս իմաստով Ֆրանսա` իբրեւ Ապահովութեան խորհուրդին մաս կազմող մնայուն անդամ, կարենայ օժանդակել Լիբանանին», ըսաւ ան:
Ալամէ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Մակրօ ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի զարգացումները կապ պէտք չէ ունենան նախագահական ընտրութեան հետ, որ հիմնական եւ կարեւոր թղթածրար է, եւ իբրեւ այդպիսին պէտք չէ ճիգ խնայել` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու:
Ալամէ նշեց, որ Մակրոյէն իրենց հասկցածին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան փետրուարին պիտի այցելէ Լիբանան: «Մակրօ ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի կարգ մը նպատակներ, որոնք տարբեր են իրարմէ, եւ ֆրանսական դերակատարութիւնը այս իմաստով կը փորձէ միացեալ կեցուածք յառաջացնել` նկատի ունենալով նախագահական ընտրութիւնը: Դեսպանը նշեց, որ հնգեակը նախագահական թեկնածուի մը շուրջ քննարկումներ չի կատարեր, այլ կը կեդրոնանայ ծրագիրին վրայ եւ նոր կազմուելիք գործադիր իշխանութեան դերակատարութեան վրայ», եզրափակեց Ալամէ:
Ան նշեց, որ Մակրոյի հետ հանդիպումէն ետք յանձնախումբը հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին հետ` ներկայութեամբ ֆրանսական պատուիրակութեան մը, որուն մաս կազմեցին Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան նախկին թեկնածու, նախկին նախարար եւ նախկին երեսփոխան Ժան Լիւք Մելանշոն, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Եունուս Օմարժի եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան Պասթիեն Լաշօ:
Այս հանդիպումին մասին յայտարարութիւններ կատարեց Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական պատուիրակութեան, որուն ջանքերով կարելի եղաւ յաջողցնել այս այցելութիւնը, որուն նպատակն է Լիբանանի ձայնը հասցնել Եւրոպական խորհրդարան եւ միջազգային այլ ամպիոններ:
Ապի Ռամիա աւելցուց, որ Մելանշոն քննարկած է Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններն ու զինադուլ հաստատելու կարելիութիւնները:
Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Մելանշոն չանդրադարձաւ ներքին լիբանանեան հարցերու, ինչպէս` նախագահական ընտրութեան հարցին, նկատի ունենալով, որ անիկա զուտ լիբանանեան գերիշխանական հարց է:
Ապի Ռամիա նշեց, որ լիբանանցի երեսփոխանները ֆրանսական պատուիրակութենէն պահանջեցին եւրոպական հասարակութեան փոխանցել, որ զօրակցի Լիբանանի իրաւունքներուն` տիրելու երկրին բացարձակ գերիշխանութեան, ինչ որ կը պահանջէ Իսրայէլի հեռացումը` բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն, «իսկ երկրորդ պահանջը այն է, որ եւրոպական հասարակութիւնը նկատի ունենայ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած ժխտական ազդեցութիւնը եւ լուծում մը գտնէ այդ թղթածրարին:
Ապի Ռամիա նշեց, որ Մելանշոն հաստատած է, թէ իրենք յստակ կեցուածքներ պիտի ունենան` այս ուղղութեամբ ճնշում բանեցնելու, ինչպէս նաեւ պիտի աշխատին միջազգային մօտեցումի մը յանգելու` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որովհետեւ քաղաքական, ընկերային եւ ժողովրդագրական առումով Լիբանան չի կրնար հանդուրժել տեղահանուածներուն ծանր բեռը, եւ որովհետեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը միայն լիբանանեան թղթածրար չէ, այլ` միջազգային: