Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին համադրուեցան նաեւ եգիպտական-սէուտական տեսակէտներն ու կեցուածքները` եղբայր Լիբանանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին յաջորդ ժողովը լաւապէս կազմակերպելու հեռանկարները:
Մուսա շեշտեց, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի նախագահական դատարկութեան փուլը աւարտելու իմաստով արաբական ջանքերը մէկտեղելու:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը միակ միջոցն է` երաշխաւորելու Լիբանանի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրելու պահանջուած բարեկարգումները` երկրին դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ի խնդիր:
ՆՇԵՆՔ, որ նախանցեալ օր Պուխարի Եարզէի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


