Պըրրի Քննարկեց Բարգաւաճման Եւ Օրէնսդրական Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքքոլըմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմին եւ հարաւային Լիբանանի ռմբակոծումներուն վերաբերող: Պըրրիի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ, որ քննարկեց առողջապահութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Ապիատ ընդգծեց, որ ինք երաշխաւորած է, որ հիւանդանոցներուն մէջ պատրաստ վիճակ տիրէ` նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները: Հանդիպումին անդրադարձ...




















