ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ալ սիասա ալ եաում» յայտագիրէն:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով կայ սառած վիճակ մը` ներքին եւ արտաքին առումով:
«Եթէ մենք ներքին սառցահալ մը չկատարենք, ապա կարելի չէ արտաքին աշխարհին վստահիլ, որովհետեւ օտար պետութիւնները ունին իրենց սեփական քաղաքական շահերը», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ քաղաքական որեւէ կարեւոր որոշումի յանգելու համար փոխադարձ զիջումներ պէտք է կատարուին, եւ առանց երկխօսութեան լուծում չկայ:
Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ Քաթար կատարած իր այցելութեան եւ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարարին հետ ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն` նշելով, որ կան որոշ տեղեկութիւններ, թէ մօտիկ ապագային Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը ժողով մը պիտի գումարէ Պէյրութի մէջ:
Յ. Բագրատունի ակնարկեց նաեւ Կազայի պատերազմին` յայտնելով, որ Կազայէն իսրայէլեան բռնագրաւումը վերացնելը նախաքայլն է կարելի որեւէ լուծման` նկատի ունենալով մարդկային բոլոր սկզբունքներուն եւ արժէքներուն անկումը` սկսեալ ժողովրդավարութենէն, մարդկային իրաւունքներէն եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքէն, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ, երբ Ազրպէյճան Արցախի դէմ պատերազմ սանձազերծեց:
Հարցազրոյցին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:


