Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին վերստին շեշտեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով կը ջանայ դիւանագիտական լուծումներ գտնել` հարաւային սահմանագիծին կայունութիւնը վերահաստատելու:
Ան նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն իմացած է, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը վերահաստատելու առումով նոր լուծման առիթի մը դէմ յանդիման կը գտնուին:
Միքաթի շեշտեց դարձեալ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան այդ բանաձեւերը կը յարգէ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծեց, որ Կազայի մէջ զինադուլի հաստատումը որեւէ երկխօսութեան սկսելու անկիւնաքարը կը նկատուի` նկատել տալով, որ ինք նախապէս ըսած է, թէ Հըզպալլա իմաստուն կերպով կը վարուի, եւ ներկայիս` պատերազմէն 100 օր ետք կը հաստատէ այդ մէկը: «Հըզպալլա լիբանանեան շահերը ամէն բանէ վեր կը դասէ եւ կը խուսափի Լիբանանի վիճակը վատթարացնող որեւէ քայլէ», ըսաւ ան:
Միքաթի շեշտեց, որ բոլոր պետութիւնները կը գնահատեն իր կատարած հաղորդակցութիւնները` նշելով, որ այդ պետութիւնները լաւ գիտեն, թէ Լիբանան կը խուսափի զինուորական յաւելեալ մագլցումներէ` իսրայէլեան գրգռութիւններուն լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, Միքաթի մասնակցեցաւ Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած Տնտեսական համաշխարհային ֆորումին, որուն շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ կառավարութիւնը գրեթէ իր աւարտին հասցուցած է այն օրինագիծը, որուն հիման վրայ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն գումարները պիտի վերադարձուին:
Միքաթի ընդգծեց, որ այդ օրինագիծը շատ աւելի դրական պիտի ըլլայ այն քաղաքացիներուն համար, որոնց գումարները նուազ քան 100 հազար տոլար են:
Այս առումով ան ջրեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ կառավարութեան մշակելիք օրինագիծը անարդար պիտի ըլլայ համեմատաբար աւելի փոքր գումար ունեցող քաղաքացիներուն համար:
Միքաթի նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը կը սերտէ ամերիկեան տոլարի մէկ փոխարժէք ճշդելու կարելիութիւնը` նկատի ունենալով դրամատուներուն կացութիւնը: