Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի 24 եւ հինգշաբթի, 25 յունուարին, քննարկելու համար 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը:
Կը նախատեսուի, որ քննարկումները կատարուին ցերեկային եւ գիշերային նիստերու ընթացքին:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ կը շարունակէ Կազայի եւ Լիբանանի դէմ իր բռնարարքները:


