Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, շեշտեց, որ յանձնախումբը վաւերացուց պետական ամավարկի նախագիծին բարեփոխումները:
Յանձնախումբի նիստին ներկայ էին նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ժորժ Մաարաուին, նախարարութեան ներածումի բաժինի պատասխանատու տնօրէն Լուայ Հաժ Շահատէն, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ծախսերու բաժինի պատասխանատու Հայֆա Մանսուրը:
Քանաան նշեց, որ յանձնախումբը կրնայ յանգիլ տարբեր արդիւնքներու, քան այն արդիւնքները, որոնց յանգած է կառավարութիւնը:
Ան շեշտեց, որ յանձնախումբին բարեփոխումները նկատի չեն ունենար նոր հաստատուելիք տուրքերը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ փոփոխութեան ենթարկած են առողջապահութեան նախարարութեան պիւտճէն` անոր աւելցնելով 10 հազար միլիառ լ. ոսկի, քաղցկեղի եւ անբուժելի հիւանդութեանց դեղորայքին տրամադրուելիք հատուցումները կատարելու նպատակով:
Քանաան յայտնեց, որ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը կը ջանայ պետական մարզին համար դրական փոփոխութիւններ իրականացնել, ինչպէս նաեւ մեղմացնել սեփական մարզին տրամադրուելիք տուրքերը:
Ան հաստատեց, որ յանձնախումբին բարեփոխումները ժխտական ազդեցութիւն պիտի չձգեն ներածումներուն վրայ` աւելցնելով, որ ինք մօտիկ ապագային մամլոյ ասուլիսով մը պիտի յայտարարէ յանձնախումբին վերջնական տեղեկագիրը: