Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

January 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Լիբանանի պաղեստինեան Պատտաուի եւ Նահր Պարետ գաղթակայաններուն մէջ ընդհանուր գործադուլի եւ սուգի մթնոլորտ տիրեց` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին 100-րդ օրուան առիթով:

Զոյգ գաղթակայաններուն մայր մուտքերը փակ պահուեցան առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցան բողոքի երկու ցոյցեր:

Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները  շարունակուեցան բուռն թափով:

Իսրայէլ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ, իսկ Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց թշնամիին զինուորական դիրքերը` հասցնելով ուղղակի հարուածներ եւ պատճառելով հսկայական վնասներ:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Ժըպպայն, Շիհին, Համամեսի բարձունք, Մերժահիուն, Տհայրա, Թէյր Հարֆա, Այթա Շաապ, Ալմա Շաապ, Հանին, Նաքուրա, Մարուն Ռաս, Հուլա, Մէյսէլ Ժապալ, Քֆարքիլա, Սլուքի հովիտ, Ռըպ Թլեթին եւ Մարժ շրջանները:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Միթաթ, Պըրքեթ Ռիշա եւ Պրանեթ դիրքերը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:

Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը` ուղղակի հարուած հասցնելով այդ դիրքերուն վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներուն` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ Մալիքիա եւ Սըմմաքա դիրքերը, ինչպէս նաեւ Հանիթայի զինուորական դիրքը եւ քանդեց հոն գտնուող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են Քֆար Եուվալ բնակեցման վայրը եւ վնասներ պատճառած քաղաքային բնակութեան շէնքի մը` իբրեւ պատասխան Եարինի ռմբակոծումին:

Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պայատ Պլիտա դիրքը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեցին Ռամիա դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:

Նշենք, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ դէպի լիբանանեան հողեր իսրայէլեան թափանցումի ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացած է:

Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ պատասխանելու համար իսրայէլեան աղբիւրներուն կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւններուն, թէ նախանցեալ գիշեր Այթա Շաապի կողմէ երեք իսրայէլացի զինուորներ փորձած են հետախուզական աշխատանք կատարել:

Նախորդը

Պըրրի Եւ Միքաթի Ընդունեցին Ամերիկացի Նոր Դեսպանը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.