ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 1000 լ. ոսկիով, մազութինը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը` 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.500.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.540.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.470.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 937.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քաթար:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ, նախագահելէ ետք ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբի նիստին, յայտնեց. «Սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձն ու փոխադրածախսը բարելաւելու ճիգերուն շրջագիծին մէջ, յանձնախումբը համաձայն գտնուեցաւ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն փոխադրածախսը օրական 450 հազար լ. ոսկիի բարձրացնել»:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ արտաքին ուժեր եւ կողմեր չեն արտօներ, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան ըլլայ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքոլըմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ին յղած իր վերջին նամակով ներկայացուցած է հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով իր պատկերացումը` պահպանելու համար շրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլելու Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին ընդարձակումը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է վերագտնէ իր որոշումը եւ արգիլէ այս կամ այն կողմին` երկիրն ու շրջանը պատերազմի մէջ մխրճելու փորձերը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հարցը ներքին լիբանանեան հարց է` աւելցնելով, որ համախոհութեան գոյացումը անխուսափելի է, որովհետեւ երկրին կառուցուածքը համախոհական է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ չկան նախաձեռնութիւններ, որոնք կարենան բեկում մը յառաջացնել` նախագահական ընտրութեան բարդ եւ հանգոյցներով լեցուն թղթածրարին մէջ: Տըրղամ ընդգծեց, որ համախմբումը տակաւին չէ ճշդած իր կեցուածքը` պետական ամավարկի քննարկումի խորհրդարանական նիստին մասնակցելու իմաստով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Կազայի հանդէպ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքը ազգային կեցուածք է: «Եթէ բացառենք Եմէնը, Միքաթի արաբ միակ ղեկավարն է, որ յանդգնութիւնը ունեցաւ բացայայտօրէն զօրակցելու Կազային», յայտնեց ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաէտտին Ապտել Մենեմ Մոհամետ Մուսա, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի քաղաքացիական անվտանգութեան խորհրդական եւ գաղտնի սպասարկութեան պետ Թասոս Ցիոնիս:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիայի, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները` Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմին լոյսին տակ: Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, մանաւանդ նկատի ունենալով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ թշնամի Իսրայէլին գործած անհամեմատ խախտումներն ու լիբանանցի քաղաքայիններ թիրախ դարձնելու իրականութիւնը: