Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Տաւոսի մէջ տարբեր պետութիւններու ղեկավարներուն եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ իր կատարած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները:
Քննարկուեցաւ նաեւ նախարարներու մակարդակով Արաբական լիկայի գումարած նիստն ու անկէ բխած հաղորդագրութիւնը:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան բացարձակ կերպով կը զօրակցի արաբական որեւէ երկրի, որուն դէմ յարձակում կը գործուի:
«Հետեւաբար Իրանի կողմէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին դէմ ռմբակոծումին հարցով Լիբանան Իրաքի կողքին կը կանգնի», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքքոլըմը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններն ու պատերազմը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը` ներկայութեամբ Բարգաւաճման եւ վերականգնումի խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի:
Մինճիան յայտնեց, որ Չինաստանի կառավարութիւնը «Օժերօ»-ի կեդրոններուն նուիրած է ելեկտրականութեան արտադրութեան արեւային վահանակներ:
Այս առիթով Ժսըր յայտնեց, որ Չինաստանի կողմէ տրամադրուած այս նուիրատուութիւնը ելեկտրականութեան արտադրութեան արեւային վահանակներ կ՛ապահովէ Լիբանանի տարածքին գործող 352 կեդրոններու, որոնք «Օժերօ»-ի կեդրոններուն գրեթէ յիսուն առ հարիւրը կը կազմեն:
Միքաթիի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարին` իր մօր մահուան առիթով անոր յայտնած ցաւակցութեան համար:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կիպրոսի գաղտնի սպասարկութեան պետ Թասոս Ցիոնիս:
Նշենք, որ երեկոյեան Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վարչապետի պաշտօնակատարը իր կառավարութիւնը քննադատողներուն կոչ կ՛ուղղէ կատարելու իրենց հիմնական պարտականութիւնը` երկրին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելով:


