Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ սեփական դպրոցներու հանգստեան կոչուած ուսուցիչներու հատուցման թղթածրարը:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան կաթողիկէ վարժարաններու կրթական հաստատութիւններու համադաշնակցութեան համադրող հայր Եուսեֆ Նասըր, սեփական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ, ծնողական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ իրաւաբաններ եւ խորհրդականներ:
Ժողովին ընթացքին ներկաները համաձայն գտնուեցան կարգ մը կէտերու շուրջ: Անոնք են.
1) Սեփական վարժարանները ամսական դրութեամբ նուազագոյնը 60 միլիառ լ. ոսկի պէտք է ապահովեն` տրամադրելու համար հանգստեան կոչուած ուսուցիչներու հատուցման, որ վեց անգամ աւելի պիտի ըլլայ, քան` հանգստեան կոչուելու սնտուկին ճշդած գումարը:
2) 1 յունուար 2024-ը ճշդուած թուականն է վեցով բազմապատկուած այդ հատուցումները կատարելու:
3) Վերոնշեալ երկու կէտերուն շուրջ համաձայնութիւնը առկայ է մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2024, եթէ ուսուցիչներու հատուցման այլ օրէնք կամ հիմք չճշդուի:
4) Իւրաքանչիւր կրթական հաստատութիւն գումարը կը ճշդէ նկատի ունենալով իր աշակերտութեան թիւը եւ այդ թիւին ու գումարին մասին տեղեակ կը պահէ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու հատուցման սնտուկը:
5) Կրթական բոլոր հաստատութիւնները իրենց խոստացած գումարը մէկ շաբթուան ընթացքին կը վճարեն սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու հատուցման սնտուկին` հիմնուելով իրենց աշակերտութեան թիւին վրայ:
6) Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատարը այս համաձայնութիւնը կը ներկայացնէ կառավարութեան` առաջարկելով, որ այդ համաձայնութիւնը ամբողջական ըլլայ եւ ներառէ նաեւ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքային եւ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն հատուցման սնտուկին միջեւ առկայ համաձայնութիւնը: Նախարարի պաշտօնակատարը սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու հատուցման սնտուկին համար նոր վարչութիւն մը կ՛առաջարկէ եւ անոր կազմը կը ներկայացնէ կառավարութեան:
7) Այս համաձայնութիւնը պէտք է վաւերացուի 48 ժամէն եւ վերջնական բանաձեւումը կատարուի` նշանակուած յանձնախումբին կողմէ: Յանձնախումբը պիտի մշակէ նաեւ համաձայնութեան գործադրութեան գործիքակազմը:
Հալապի կարդալէ ետք վերոնշեալ որոշումները յայտնեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ` աւելցնելով, որ ներկաները գործակցութիւն ցուցաբերած են եւ յանձնառութիւն` կրթական տարեշրջանը շարունակելու` տէր կանգնելով աշակերտներու շահերուն:
Հալապի ընդգծեց, որ ժողովին ընթացքին համախոհութիւն գոյացած է արդար գտնուելու իրենց կեանքին մեծ մասը ուսման ասպարէզին մէջ անցուցած ուսուցիչներուն նկատմամբ եւ հսկելու անոնց շահերուն, ինչպէս նաեւ անոնց շնորհելու հաւասար իրաւունքներ, ինչպէս` պետական ուսուցիչները:
Նաամէ Մահֆուտ իր կարգին յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին դրական մթնոլորտ տիրած է` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը երկու օրէն պէտք է վաւերացուի:
Հայր Եուսեֆ Նասըր շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ապպաս Հալապիին` անոր ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն համար` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան 2023-2024 կրթական տարեշրջանը շարունակելու: