Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ընդարձակ Պատերազմ Մը Սկսելու Զգուշացումներ

January 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծի բռնկման եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ պատերազմի շրջագիծի ընդարձակման մտահոգութիւններուն համեմատութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի:

Այս շրջագիծին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես զգուշացուց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընդարձակ պատերազմ մը սկսելէ` հաստատելով, որ անոր հետեւանքները կրնան աղէտալի ըլլալ:

«Ամէն գնով պէտք է խուսափիլ այդ հաւանականութենէն», ընդգծեց Կութիերես:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանդ երէկ երեկոյեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պէտք է պատրաստուին հիւսիսային Իսրայէլի մէջ կացութեան վատթարացումին, եւ աւելցուց, որ կրնան զինուորական լուծում մը պարտադրել` հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները իրենց բնակարանները վերադարձնելու նպատակով:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեվի յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն հիւսիսային Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ընդարձակ պատերազմի մը սանձազերծման հաւանականութիւնը մեծ է:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հաստատեց, որ Հըզպալլա նախանձախնդիր է Լիբանանի շահերուն` աւելցնելով, որ պատերազմը դիւրին պիտի չըլլայ Իսրայէլի համար, որովհետեւ հրթիռները անոր վրայ պիտի տեղան բոլոր կողմերէն:

Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները կը շարունակուին:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Հուլա, Տհայրա, Եարին, Այթա Շաապ, Տէյր Միմաս, Մըրուահին, Պուսթան, Ռաշայա Ֆըխխար, Հապպարիէ, Տըպըլ, Տէյր Քանուն Ռասուլ այն, Մերժահիուն, Քաուքապա, Քֆարքիլա, Խիամ, Պլիտա, Այթարուն, Ատայսէ, Թիպէ, Ռըպ Թլեթին եւ Մարքապա շրջանները, ինչպէս նաեւ Սլուքի հովիտն ու Համամեսի բարձունքները:

Նշենք, որ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացին Ուազզանիի շրջակայքը գտնուող հովիւներու դէմ, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեցին աւետարանական համայնքին պատկանող եկեղեցի մը Ալմա Շաապի մէջ` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:

Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Հատպ Պուսթան դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:

Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը` ուղղակի հարուած հասցնելով այդ դիրքին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներուն` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Մալիքիա եւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքերը, ինչպէս նաեւ Մանարա բնակեցման վայրը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքը, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան Ատմիթ զօրանոցին շրջակայքը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ռաշիտ Մոհամետ Շաղլիլ միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

«Առանց Երկխօսութեան Չկայ Լուծում» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում` Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.