Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կիպրոսի գաղտնի սպասարկութեան պետ Թասոս Ցիոնիսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, մանաւանդ գետնի վրայ արձանագրուած ապահովական մագլցումները` նկատի ունենալով Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները:
Խորհրդարանի նախագահը Ցիոնիսի հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շարք մը օրէնսդրական հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին իր մօր մահուան առիթով անոր ցաւակցական խօսքերուն համար:


