Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումները Չեն Դադրած

February 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ բախումները կը շարունակուին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւնը, թէ պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը ապօրինի է:

Նոյն հաղորդագրութեամբ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի անիկա վերջ տայ իր բռնարարքներուն եւ ընդունի զոյգ պետութիւններու կառուցումը, որ 2002-ին Պէյրութէն յայտարարուած է Արաբական վեհաժողովի նիստին կողմէ` իբրեւ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւն:

Անցեալ շաբաթավերջին Էլիզէի պալատին կողմէ բացայայտուեցաւ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շեշտած են գերիներու շուրջ համաձայնութիւն մը ստորագրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի առիթ տան Կազայի մէջ զինադուլի հաստատման:

Մաքրոն եւ Պայտըն ընդգծած են նաեւ Լիբանանը պատերազմին մէջ չներքաշելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթին համաձայն, իսրայէլացի պատասխանատուները կը յուսան, որ Կազայի շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը կ՛օժանդակէ նաեւ Լիբանանի ճակատի հանդարտեցումին:

Իսրայէլեան բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Պլիտա, Քֆարքիլա, Այթա Շաապ, Ռըպ Թլեթին, Քֆարշուպա, Հապպարիէ, Տհայրա, Պրաաշիթ եւ Ժապալ Պլաթ շրջանները:

Նշենք, որ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Հասպայայի, Արեւմտեան Պեքաայի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի վերեւ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի երկու հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քոպրա բարձունքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Տհայրա ու Ռամիա  դիրքերը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին անոնց: Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքն ու Զըպտին զօրանոցը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Դիմադրութեան մարտիկները նաեւ «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռամիմ զօրանոցը` պատճառելով հսկայական վնասներ:

Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքը:

Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին Զըրհիթ զօրանոցը, ուր կը գտնուէին մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ: Արձանագրուած ուղղակի հարուածները պատճառեցին մարդկային վնասներ:

Անոնք «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Պէյթ Հիլալ ջոկատի կեդրոնը:

Հըզպալլա համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին հարաւը գտնուող թշնամի զինուորներու խմբաւորում մը:

Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Մանարա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, ուր կը գտնուէին մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ:

Ի պատասխան Պլիտայի դէմ գործուած ռմբակոծումին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:45-ին, Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Մալիքիէ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող զոյգ շէնքեր, ուր կային իսրայէլացի զինուորներ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Մոհամետ Ապտել Ռասուլ Ալաուիէ, Հիւսէյն Ալի Տիրանի, Ահմետ Մոհամետ Օֆֆի եւ Ալի Քերիմ Նասեր միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Լիբանանեան Բանակը Կը Դիմագրաւէ Հսկայ Մարտահրաւէրներ»

Յաջորդը

Պաքուն Պորելը Մեղադրած Է «Միակողմանի Հայանպաստ Դիրք»-ի Վրայ Գտնուելու Յանցանքով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.