Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Սպանիոյ դեսպաններ Լայզա Ճոնսընն ու Խեսուս Սանթոս Ակուատոն:
Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան իր ճիգերով պիտի շարունակէ արգիլել հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին յաւելեալ բռնկումը եւ ապահովական կացութեան վատթարացումը:
Ան շեշտեց, որ այս օրերուն գործուած յարձակումները բաւական մտահոգիչ են եւ անոնք ոչ միայն կը սպառնան Լիբանանի ապահովութեան, այլեւ` ամբողջ շրջանին անվտանգութեան:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ լիբանանեան մօտեցումը կը կեդրոնանայ ամբողջական եւ մնայուն լուծումներու փնտռտուքին վրայ` կարենալ դուրս գալու համար այս տագնապին եւ բռնարարքներուն փապուղիէն: