Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քֆարտըպիանը Ընտրուեցաւ Արաբական Երկիրներու Ձմերանոցներու 2024-ի Մայրաքաղաք

Փետրուար 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 24 փետրուար 2024-ին, Քֆարտըպիանի քաղաքապետութիւնը կազմակերպեց տօնակատարութիւն մը, որուն ընթացքին ստացաւ Քֆարտըպիանը Արաբական երկիրներու ձմերանոցներու 2024-ի մայրաքաղաքը ըլլալու մրցանակը:

Մրցանակը յանձնուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարի եւ Արաբական զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Շերիֆ Աթիէի կողմէ` ներկայութեամբ մեծ թիւով դեսպաններու եւ զբօսաշրջութեան ու մարմնակրթութեան մարզի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ շրջանի կարգ մը երեսփոխաններու:

Այս առիթով կազմակերպուեցաւ զբօսաշրջական յատուկ պտոյտ մը, որ սկսաւ Քֆարտըպիանի քաղաքապետութենէն եւ անցնելով զբօսաշրջական բազմաթիւ կայաններէ աւարտեցաւ Ֆաքրայի հռոմէական հնութիւններուն մօտ:

Քֆարտըպիանը արաբական եւ համաշխարհային զբօսավայր յայտարարելու այս տօնակատարութեան ընթացքին Քֆարտըպիանի քաղաքապետ Պասսամ Սալամէ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբ եղբայրներուն, որոնք մնայուն կերպով զօրակցեցան լիբանանցիներուն:

Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` հաստատելով, որ Քֆարտըպիան պիտի ջանայ մնալ արաբական երկիրներու ձմերանոցներու մայրաքաղաքը:

Իր կարգին, Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ եւ Զբօսաշրջութեան ազգային խորհուրդի նախագահ Փիեռ Աշքար յոյս յայտնեց, որ Քֆարտըպիանի ստացած այս մրցանակը Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին վրայ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ եւ կ՛օժանդակէ դէպի Լիբանան զբօսաշրջիկներու այցելութեան, երբ պատերազմը աւարտի եւ կայունութիւնը վերահաստատուի:

Աշքար յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Քֆարտըպիան միակ լաւագոյն շրջանն է չմշկելու: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ նաեւ կան տարբեր ձմերանոցներ, ուր կարելի է չմշկել, սակայն Քֆարտըպիան կը մնայ լաւագոյնը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միշել Մուաուատ. «Լիբանանի Պաշտպանութիւնը Կարելի Պիտի Ըլլայ Անոր Պետական Հաստատութիւններուն Կարգաւորումով»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?