Պու Հապիպ. «Լիբանան Պատրաստ Է Անուղղակի Բանակցութիւններու, Որովհետեւ Այլընտրանքը` Պատերազմի Ընդարձակման Եւ Շրջանային Հակամարտութեան Վերածման Վտանգն Է»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին իր մասնակցութիւնը բերաւ արտասանելով Լիբանանի խօսքը: «Միջին Արեւելքի մէջ մնայուն խաղաղութիւն» խորագիրով այս ֆորումին ընթացքին Պու Հապիպ ընդգծեց, որ եթէ Արեւմուտքը վերջ տայ Իսրայէլի զինումին, ապա պատերազմը վերջ կը գտնէ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանը քանդելու իմաստով ամէնօրեայ դրութեամբ ուղղուող իսրայէլեան սպառնալիքներուն` վերահաստատելով, որ Լիբանան կայունութեան կը...




















