Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին ընթացքին շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ուշացումը երկիրը մատնած է ընդհանուր քաոսի, որուն ընթացքին պատասխանատուները առիթը օգտագործած են շահագործելու իրենց իշխանութիւնը եւ վտանգի ենթարկելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Եթէ իշխանաւորները համեստօրէն գործէին` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն, իշխանութիւնը կը փլուզուէ՞ր»:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ տարածքին գործող բոլոր քաղաքապետարաններն ու քաղաքապետութեանց համադաշնակցութիւնները այսօր` երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, յայտարարած են զգուշացման բաց գործադուլ մը եւ կը պահանջեն զիրենք պետական մարզի մնացեալ պաշտօնեաներուն հաւասար նկատել:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ եթէ թշնամի Իսրայէլ Պէյրութի դէմ յարձակում սանձազերծէ, ապա պատերազմը պիտի ընդարձակուի ամբողջ շրջանին մէջ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խստիւ դատապարտեց պաշտօնական գործառնութեանց համար պահանջուած փաստաթուղթերուն պարագային արձանագրուած երեւակայական գիներն ու այդ մարզը եւս սեւ շուկայի վերածելու քայլերը: Ան շեշտեց, որ ինք խորհրդարան պիտի ներկայացնէ կրկնակ աճապարանօք օրինագիծ մը` պաշտօնական գործառնութեանց սակը նուազեցնելու վերաբերեալ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ թշնամի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի մէջ ներքին սադրանքներու նախապատրաստութեան արգելք պիտի հանդիսանայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը թշնամի Իսրայէլին ցոյց պիտի տայ, թէ անոր վիճակը ինչքա՛ն խոցելի է, եթէ յանկարծ Իսրայէլ որոշէ ընդարձակել Լիբանանի դէմ իր գործած բռնարարքներուն օղակը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը զօրակցի որեւէ շարժումի, որ կը յանգեցնէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կ՛ուղղուի վերաբանալու կալուածներու արձանագրութեան պետական բոլոր հաստատութիւնները` պաշտօնեաներուն յայտարարած բաց գործադուլէն ետք:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական եւ սահմանադրական կայունութեան, ինչպէս նաեւ թափանցիկութեան, որպէսզի շրջանին մէջ լաւագոյններէն եւ առաջիններէն ըլլայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ ժամանակը հասած է նախագահական ընտրութեան առումով նախաձեռնութեան մը ձեռնարկելու, որովհետեւ արտաքին կարգ մը գործարքներ եւ համաձայնութիւններ Լիբանանի համար վնասակար կրնան ըլլալ:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ ազգային զարթօնքը կարելի չէ ապահովել բացի երկխօսութեամբ` աւելցնելով, որ Պաղեստինի եւ Լիբանանի տարածքին կատարուողը լուրջ եւ հսկայ ապահովական միջադէպ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ձերբակալուած է պաղեստինցի մը, որ լիբանանեան բանակի անցարգելներէն մէկուն վրայ կրակած է, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի զինեալ բախումներուն մասնակցած: Այլ հաղորդագրութեան մը մէջ բանակի հրամանատարութիւնը կը նշէ, թէ Շեքքայի եւ Քըպպէի մէջ ձերբակալած է 7 յանցագործներ, որոնք տարբեր ոճիրներ գործած են:

 

 

Նախորդը

Ռամատանէն Առաջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ

Յաջորդը

Քֆարտըպիանը Ընտրուեցաւ Արաբական Երկիրներու Ձմերանոցներու 2024-ի Մայրաքաղաք

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?