Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Մուաուատ. «Լիբանանի Պաշտպանութիւնը Կարելի Պիտի Ըլլայ Անոր Պետական Հաստատութիւններուն Կարգաւորումով»

February 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախութիւն շարժումի նախագահ եւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը ամբողջական պատերազմի մէջ չներքաշելու առաջնահերթութիւնը, որ կարելի է ապահովել սահմանի երկու կողմերուն վրայ ամբողջական կերպով գործադրելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

Մուաուատ նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել կը նշանակէ Լիթանիի հարաւային շրջանին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողքին միայն լիբանանեան բանակը տեղակայել` առիթ տալով ցամաքային սահմանագծումին եւ ապա ՄԱԿ-ի թիւ 1559 եւ թիւ 1680 բանաձեւերուն գործադրութեան:

Մուաուատ շեշտեց, որ պէտք է պարտադրել Իսրայէլին, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրէ:

«Միայն այս ձեւով է, որ կարելի է երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել` հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ, ապահովելով Լիբանանի ու լիբանանցիներու անվտանգութիւնը եւ զանոնք փրկելով յաւելեալ քանդումէ ու արիւնահեղութենէ», ըսաւ ան:

Մուաուատ կոչ ուղղեց ամերիկեան եւ միջազգային ճնշումները բազմապատկելու, որպէսզի Կազայի քանդումն ու քաղաքայիններու սպանութիւնը դադրի, եւ հարցին լուծումը կատարուի բանակցութեանց ճամբով` հիմնուելով զոյգ պետութիւններու հիմնումին վրայ, որովհետեւ անիկա է շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման բանալին:

Մուաուատ նշեց նաեւ, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը կարելի պիտի ըլլայ անոր պետական հաստատութիւններուն կարգաւորումով, որուն ելքը նախագահական ընտրութիւնն է, ապա փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ իսկական բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու լիբանանցին տառապեցնող տարբեր տագնապներու լուծումը:

Այս շրջագիծին մէջ Մուաուատ գնահատեց Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ճիգերը` աւելցնելով, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան շուրջ իրենց գոյացուցած համախոհութեան, մինչ հակառակորդ քաղաքական ուժերը կը շարունակեն իրենց թեկնածուն պարտադրել` անտեսելով լիբանանցիներուն մեծամասնութեան կամքը:

Մուաուատ նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի է ապահովել` սահմանադրութիւնը գործադրելու համար ճնշում բանեցնելով եւ մղելով, որ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան բաց եւ իրերայաջորդ նիստերու հրաւիրուի:

Հանդիպումին ընթացքին Մուաուատ եւ Ճոնսըն քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները` զայն հզօրացնելու նպատակով:

 

Նախորդը

Քֆարտըպիանը Ընտրուեցաւ Արաբական Երկիրներու Ձմերանոցներու 2024-ի Մայրաքաղաք

Յաջորդը

Տնտեսական Խորհուրդներու Կեդրոնատեղիէն. Մակրօ Շեշտեց Արմատական Բարեկարգումներ Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.