Ընդառաջելով Լրագրողներու միջազգային համադաշնակցութեան կոչին` Լիբանանի լրագրողներու եւ խմբագիրներու սենտիքաները երէկ կազմակերպեցին զօրակցական հաւաք մը` «Վերջ տուէ՛ք լրագրողներու սպանութեան, վերջ տուէ՛ք Կազայի վրայ յարձակումներուն» խորագիրը կրող:
Լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի ներկայացուցիչ, լրագրողներու սենտիքայի փոխնախագահ Ժորժ Սոլաժ յայտնեց, որ լրագրողներուն ձայնը, անոնց տեսախցիկներն ու վկայութիւնները շատ աւելի բարձր կը հնչեն, քան թշնամի Իսրայէլի հրետանիին, օդանաւերուն եւ արձակած հրթիռներուն ժխորը:
Սոլաժ ընդգծեց, որ Իսրայէլ կրակով, փամփուշտով եւ հրթիռներով ու սպանութեամբ կը փորձէ լռեցնել լրագրողները, «սակայն մեր տեղեկատուութիւնը լուռ մնալու վարժ չէ: Ընդհակառակն` պիտի չզլանանք բացայայտելու Իսրայէլի գործած բոլոր սպանդները եւ իրաւունքին պաշտպան պիտի հանդիսանանք մեր գրիչով ու թանաքով, առ յաւէտ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի ըսաւ. «Զոհերուն ուրուականը պիտի հալածէ դահիճներուն խիղճը, իսկ հաւաքական ցեղասպանութեան անէծքը պիտի հալածէ Իսրայէլը, ինչքան ալ ան բռնութիւն կիրարկէ եւ ցեղային մաքրագործում գործադրէ»:
Քսսայֆի նշեց, որ այն սպանդներն ու ոճիրները, որ Իսրայէլ գործեց լրագրողներուն, լուսանկարիչներուն եւ տեղեկատուական անձնակազմերուն, ինչպէս նաեւ Կազայի բնակչութեան դէմ, անպատիժ պիտի չմնան:
Ան շեշտեց, որ այդ ոճիրները պիտի հետապնդուին ժողովրդային խորհուրդներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ` ամբողջ աշխարհի տարածքին: «Այդ պատճառով է, որ Լրագրողներու միջազգային համադաշնակցութիւնը նման արշաւի մը ձեռնարկած է` բացայայտելու համար սիոնական գոյացութեան ոճիրները», ընդգծեց Քսսայֆի:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին պոյքոթի ենթարկելու իսրայէլացի լրագրողները` բոլոր մարզերուն մէջ եւ մակարդակներուն վրայ: