Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը Այն Խորհրդակցութեան, Որ Կ՛արդիւնաւորուի Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեամբ

Փետրուար 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստի աւարտին Պասիլ կոչ ուղղեց զգուշանալու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն արձանագրած մագլցումներէն, ինչպէս նաեւ բախման կանոնները մնայուն կերպով խախտելու Իսրայէլի քայլերէն:

«Հզօր Լիբանան համախմբումը կը հաստատէ, որ ներկայիս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը այլընտրանք չունի, մասնաւորաբար` Իսրայէլի կողմէ գործադրուելու առումով: Այս իմաստով համախմբումը կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր շերտերուն, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի բնակչութեան», յայտնեց Պասիլ:

Ան նշեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ այն համոզումին, որ նախագահական ընտրութիւնը ներքին լիբանանեան գերիշխանական գործընթաց մըն է, որ արտաքին հարցերու հետ պէտք չէ առնչուի:

«Հզօր Լիբանան համախմբումը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը այն խորհրդակցութեան, որ կ՛արդիւնաւորուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ: Համախմբումը առաջնահերթ կը նկատէ նաեւ հանրապետութեան նախագահին շուրջ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ համախոհութիւնը, իսկ եթէ համախոհութիւն չգոյանայ, ապա նախագահական ընտրութիւնը թող կատարուի ժողովրդավարական մրցակցութեամբ», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ համախմբումը դրական ընկալած է Ազգային հաւասարակշռութիւն պլոքին ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը:

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը

Յաջորդը

Ալի Համտան. «Խորհրդակցութեան Նիստերէն Ետք Նախագահական Ընտրութեան Բաց Նիստերու Պըրրիի Հրաւէրը Հաստատ Է»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?