ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 9000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 9000 լ. ոսկիով, պիւթակազին սակը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.641.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.679.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.613.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 944.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանը կարելի է կառավարել համաձայնութեան եւ փոխըմբռնումի միջոցով:
ԱԶԳԱՅԻՆ հաւասարակշռութիւն պլոքի երեսփոխան Ահմետ Խէյր յայտնեց, որ պլոքը գոհ է քաղաքական ուժերուն կատարած իր այցելութիւններէն եւ արձանագրուած դրական արդիւնքներէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ միջազգային հնգեակը հերքեց իր կապը Ազգային հաւասարակշռութիւն պլոքի առաջադրած նախաձեռնութեան հետ:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական համախմբումի նախագահ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի պատասխանէ որեւէ յարձակումի` աւելցնելով, որ թշնամի Իսրայէլը լաւ գիտէ, թէ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ տարակարծութիւններու գոյութիւնը ամուսնալուծում չէ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ կապը մնայուն կերպով առկայ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխան Միշել Տահերը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զինուորական գործողութիւնները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վստահ է, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակում մը պիտի սանձազերծուի: Նոյն օրաթերթը կը գրէ նաեւ, թէ Իրան յաւելեալ արդիական զէնքերով կը զինէ Հըզպալլան:


