Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի սկիզբէն ի վեր թշնամին երէկ առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծեց Պաալպեքը` պատճառելով երկու զոհեր եւ վիրաւորելով ուրիշներ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պեքաայի մէջ ռմբակոծած են Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ օգտագործուած հակաօդային հրթիռային համակարգի կեդրոններէն մէկը:
Ի պատասխան Պաալպեքի ռմբակոծումին, Դիմադրութեան մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի 60 հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան «Կոլանի» ջոկատի Նաֆահի զինուորական կեդրոնը:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Մաժատել շրջանին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց ինքնաշարժ մը:
Հիւանդատար ինքնաշարժները ուղղուեցան դէպքին վայրը:
Նշենք, որ գիշեր մը առաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ հաստատած էր, որ Լիբանանի դէմ ռմբակոծումները աւելի բուռն թափ պիտի ստանան, նոյնիսկ եթէ Կազայի մէջ զինադուլ յայտարարուի:
Կալանթ շեշտեց, որ Իսրայէլ Լիբանանը պիտի ռմբակոծէ, մինչեւ որ Հըզպալլա անձնատուր ըլլայ, եւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները վերադառնան իրենց բնակարանները:
Իսրայէլեան բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Եարին, Տհայրա, Շիհին, Ըմ Թութ, Հուլա, Հըլթա, Ռաշայա Ֆըխխար, Քֆարհամամ, Քֆարշուպա, Քֆարքիլա, Ժըպպայն, Այթա Շաապ եւ Ռամիա շրջանները:
Նշենք, որ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի, Ժապալ Շէյխի, Ռաշայայի եւ Ժապալ Սաֆիի վերեւ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով մը ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:
Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պաղտատի դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին անոր:
Հըզպալլայի մարտիկները երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին վար առին Ժապալ Ռաֆիհի վերեւ թռչող իսրայէլեան «Հերմեզ 450» տիպի անօդաչու թռչող սարքը:
Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Շթուլա բնակեցման վայրն ու Հատպ Եարին զօրանոցը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պրանեթ զօրանոցը` պատճառելով հսկայական վնասներ:
Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռատար եւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Հասան Ալի Եունես, Ահմետ Մոհամետ Սընտիան եւ Հասան Հիւսէյն Սալամի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին: