Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Սահմանագիծը Կը Մնայ Թէժ Ռմբակոծումներու Ենթակայ

February 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը` քննարկելու համար Լիբանանի դրամատուներուն եւ զանոնք կարգաւորելու հարցն ու օրակարգի վրայ գտնուող տարբեր կէտեր, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը մնայ թէժ բախումներու ենթակայ:

Այս շրջագիծին մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարօ ընդգծեց, որ փոխադարձ հրթիռարձակումի իմաստով նախորդ քանի մը օրերը մտահոգիչ եղած են` աւելցնելով, որ իրենք երկու կողմերուն մօտ ճիգեր թափած են, որպէսզի բախումներուն թափը մեղմացնեն եւ առիթ չտան ռմբակոծումներու օղակի ընդարձակման:

Զօր. Լասարօ կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ առիթ տալու, որ քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով կարելի ըլլայ կայունութիւնը վերահաստատել հարաւային սահմանագիծին վրայ` ապահովելով նաեւ քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իսրայէլեան բռնարարքներու օղակի որեւէ ընդարձակում լիբանանեան սահմանագիծին դէմ ոտնձգութիւն է եւ շրջանցում կը նկատուի:

Իսրայէլեան բանակը ֆոսֆորային հրթիռներով եւ բուռն կերպով ռմբակոծեց Տհայրա, Հուլա, Ուազզանի, Եարուն, Պայսարիէ, Ժըպշիթ, Մանսուրի եւ Ատայսէ շրջանները:

Նշենք, որ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Հասպայայի եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ:

Ի պատասխան Պաալպեքի դէմ նախանցեալ օրուան հրթիռակոծումին, երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին Դիմադրութեան մարտիկները բազմափողային հրթիռային համակարգով ռմբակոծեցին իսրայէլեան օդուժին աշխատանքներուն հսկող Մայրուն խարիսխը:

Յետմիջօրէի ժամը 3:45-ին Դիմադրութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով ռմբակոծեց Մայրուն խարիսխը` օգտագործելով հակահրասայլային ռումբեր, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ քանդեցին հոն գտնուող սարքերը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ապատ դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին հոն զետեղուած լրտեսական սարքերուն:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութեան մարտիկները կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամթա դիրքին վրայ գտնուող լրտեսական սարքերը:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Թայհաթ բարձունքին վրայ գտնուող զինուորներու համախմբում մը` պատճառելով մարդկային վնասներ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը` պատճառելով հսկայական վնասներ:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:45-ին, Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին թիւ 146 ջոկատի զինուորական կեդրոնատեղին, Ժաաթունի մէջ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Մոհամետ Ալի Մուսուլմանի միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Կեանքէն Հեռացաւ Դպրապետ, Խմբավար, Մանկավարժ, Աշուղական Երգերու Մեկնաբան Գէորգ Սրկ. Պէպէճեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.