Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Մեծ Թիւով Նախարարի Պաշտօնակատարներու Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Փետրուար 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց պետական մարզի պաշտօնէութեան յաւելումներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Հաժժար շեշտեց, որ այս իմաստով կայ նոր ծրագիր մը, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի: «Կը մաղթենք, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին այս թղթածրարին լուծման առումով սպիտակ մուխը կը բարձրանայ», հաստատեց ան:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ` հանդիպելէ ետք Միքաթիի հետ, վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ քննարկած է Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի ներկայացուած առաջարկին տրուելիք Լիբանանի պաշտօնական պատասխանին մանրամասնութիւնները:

«Մենք կը պատրաստենք պաշտօնական գրաւոր պատասխան մը եւ անոր բովանդակելիք կէտերը: Յոյսով ենք, որ ֆրանսական կողմին պատասխանը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ պատրաստ կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ հարաւային սահմանագիծի բախումներուն մասին Լիբանանի կեցուածքը յստակ է: «Լիբանան ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնը կը պահանջէ, ներառեալ` Շեպաան եւ Քֆարշուպան: Ֆրանսական կողմը այս գաղափարները առաջարկած էր մեզի, որովհետեւ Փարիզի համար Լիբանանն ու անոր անվտանգութիւնը կարեւոր են», եզրափակեց ան:

Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նաժլա Ռիաշի, որ յայտնեց, թէ վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուցած է նախարարութեան աշխատանքը վերաշխուժացնելու իր պատկերացումը:

Միքաթի կատարեալ զօրակցութիւն յայտնած է Ռիաշիի ներկայացուցած պատկերացումին, մասնաւորաբար` նախարարութիւններու աշխատանքներուն թուայնացումին եւ փտածութեան դէմ պայքարին առումով:

Վարչապետի պաշտօնակատարին այցելեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի: Քննարկուեցան դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարան այցելեց նաեւ բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէ:

Ֆայեատ. «Միջազգային Դրամատունը Յանձնառու Է
Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Մարզերուն Մէջ Ծրագիրներ Ներդրելու`
Յառաջիկայ Երեք Տարիներուն Ընթացքին»

Միքաթի երէկ նախագահեց կառավարութեան նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեք, Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէ եւ այլ պատասխանատուներ:

Նիստէն ետք Ֆայեատ հաստատեց, որ Միջազգային դրամատունը յանձնառու է ուժանիւթի եւ ջուրի մարզերուն մէջ ծրագիրներ ներդրելու եւ գործիքակազմեր մշակելու` յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին:

Ֆայեատ շեշտեց, որ այս իմաստով Միջազգային դրամատունը երկու միլիառ երկու հարիւր միլիոն տոլարի գումար վաւերացուցած է` բարելաւելու համար ելեկտրականութեան մատակարարումը, վերանորոգուող ուժանիւթի արտադրութիւնը եւ այլ ծրագիրներ, «որոնց գործադրութիւնը կը փափաքինք նաեւ մենք», աւելցուց Ֆայեատ:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Մեր Ճիգերով Պիտի Շարունակենք Արգիլել Հարաւային Սահմանագիծին Յաւելեալ Բռնկումը»

Յաջորդը

Պըրրի Զօր. Լասարոյի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց  Սամեր Քապպարան
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Սամեր Քապպարան

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?