ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Տահերը, որուն հետ քննարկեց հարաւային սահմանագիծի բախումները, պետական մարզի պաշտօնէութեան յայտարարած բաց գործադուլն ու նախագահական դատարկութեան փուլը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ յայտնեց, թէ Խուրիին յանձնած է բողոքագիր մը մաֆիայի մը կողմէ լիբանանեան շուկայէն դրոշմաթուղթերը անհետացնելու եւ զանոնք առեւտրական նպատակներով օգտագործելու փորձերուն մասին:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սլիմի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Թալալ Մերեհպի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններուն տիրող կացութիւնը: Պասիլ եւ Վրոնեցքա ընդգծեցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Պասիլ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի որեւէ լուրջ նախաձեռնութեան, որ կ՛առաջնորդէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցերը, որոնց շարքին` Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները: Ռաատ եւ Ռահմէ շեշտեցին, որ իսրայէլեան յարձակումները դատապարտելի են` աւելցնելով, որ պէտք է զգուշանալ այն թաքուն դաւադրութիւններէն, որոնք կը միտին Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ երկիրը պատերազմական վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ հարաւային սահմանագիծը հանդարտ պահելու մասին տակաւին վերջնական լուծում չկայ: «Մանրամասնութիւններն են, որոնք առանցքները պիտի ճշդեն», ըսաւ Հաշեմ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Քամիլ Շամուն յայտնեց, որ հարաւային սահմանագիծի զարգացումները կը հաստատեն, որ բախման միջազգային կանոնները խախտած են: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ դաշնակցային վարչակարգ հաստատելու իմաստով խորհրդակցութիւններ կատարելու նախապատրաստական աշխատանքը սկսած է արդէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է եւ ան Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնն է, որ կը պաշտպանէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան, հանդիպելէ ետք Ազգային հաւասարակշռութիւն պլոքին հետ, յայտնեց, որ պահանջուած է ստեղծել նոր աշխուժութիւն մը, որ կը համընկնի Լիբանանի բարեկամ երկիրներու ջանքերուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ կը զօրակցին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ մնայուն կապի մէջ են յաջորդ վարչապետի նշանակումին գծով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան յստակ պատգամներ յղած է եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած` իր հողերուն վրայ զինադուլը գործադրելու, այն ատեն որ Կազայի մէջ զինադուլ կը գործադրուի: