Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալի Համտան. «Խորհրդակցութեան Նիստերէն Ետք Նախագահական Ընտրութեան Բաց Նիստերու Պըրրիի Հրաւէրը Հաստատ Է»

Փետրուար 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պըրրիի եւ ամերիկացի միջնորդ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի միջեւ կատարուած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին յստակ դարձած է, որ Հոքշթայն նոր նախաձեռնութիւն մը չունի, այլ` պարզապէս միտքեր:

Համտան նշեց, որ Հոքշթայն խոստացած է Պըրրիին գրաւոր փոխանցել իր միտքերը երկու օրուան ընթացքին, սակայն տակաւին ոչինչ յղած է այդ իմաստով: «Ամէն պարագայի, Հոքշթայնի գրաւոր բանաձեւումները սպասուած են, նոյնիսկ եթէ երկու օրերը վերածուած են երկու շաբաթներու», ըսաւ ան:

Համտան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին` աւելցնելով, որ այդ որոշումին մէջ կը գտնուի ամէն ինչ որ պահանջուած է:

«Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ եւրոպական ու բրիտանական կեցուածքներուն մէջ կայ համոզում մը, որ ինչ որ կը պատահի Կազայի մէջ արձանագրուած պատահարներուն արձագանգն է, իսկ Կազայի պատերազմին կասեցումը կը դիւրացնէ մնացեալ բոլոր տագնապներուն լուծումը», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով պատերազմի ընդարձակումի հաւանականութեան` Համտան յայտնեց, որ գաղտնիք չէ, որ Լիբանան պատերազմ չի փափաքիր եւ ոչ մէկ միտում ունի պատերազմի մէջ ներքաշուելու:

«Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ յարձակում գործուելու պարագային ան ինքզինք պիտի չպաշտպանէ: Մենք Իսրայէլի նկատմամբ վստահութիւն չունինք եւ կը մերժենք սահմանագիծէն հեռանալ», շեշտեց Համտան:

Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն ոչ ոք Լիբանանին սպառնալիք ուղղած է, բայց եւ այնպէս անոնք ունին մտավախութիւններ, թէ Իսրայէլ պատերազմ կրնայ սանձազերծել, եթէ քաղաքական ջանքերը արդիւնքի մը չյանգին:

«Այս մասին խորհրդարանի նախագահին պատասխանը` ամերիկացի ծերակուտականներու պատուիրակութեան, յստակ էր. «Լիբանանն է, որ մտահոգութիւնները փարատելու կարիք ունի եւ ոչ թէ Իսրայէլը», աւելցուց Համտան:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Համտան անդրադարձաւ Ազգային հաւասարակշռութիւն երեսփոխանական պլոքի առաջարկին` նախագահական ընտրութիւններուն շուրջ խորհրդակցութիւն կատարելու, եւ ըսաւ. «Պըրրի երեսփոխաններուն հաստատած է, որ խորհրդակցութեան նիստերէն ետք, եթէ կարելի ըլլայ երկու կամ երեք թեկնածուներու շուրջ համաձայնիլ, ապա նախագահական ընտրութեան բաց նիստերու հրաւէրը հաստատ է, պայմանով որ առաջին նիստին 86 երեսփոխանի օրինաթիւը գոյանայ»:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը Այն Խորհրդակցութեան, Որ Կ՛արդիւնաւորուի Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեամբ

Յաջորդը

Ժահժահ Քլաուսի Հետ Քննարկեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Առաքելութիւնը Շարունակելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?