Լիբանանի ֆիլմարուեստի աշխարհը երէկ կորսնցուց իր հանրայայտ եւ վաստակաւոր դերասաններէն մէկը` Ֆետի Իպրահիմը, 67 տարեկան հասակին:
Ան կը նկատուի այն արուեստագէտներէն, որոնք Լիբանանի ֆիլմարուեստի վերազարթօնքին օժանդակած են: Ան լիբանանեան ֆիլմաշխարհին զուգահեռ սուրիականին ալ իր մասնակցութիւնը բերած է: Դերասանուհի Ռուլա Համատէի կողքին դերեր ստանձնած է «Ասիֆա թահուպպու մարրաթայն» ֆիլմաշարին մէջ, ինչպէս նաեւ «Նիսա ֆի ալ ասիֆա» ֆիլմաշարին մէջ:
Ան հռչակ ստացած է այս ֆիլմաշարերէն ետք: Ան իբրեւ թարգմանիչ աշխատակցած է լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանի վաւերագրական ժապաւէններուն մէջ:
Լիբանանի դերասաններու սենտիքայի նախագահ Նաամեթ Պատաուի գուժեց մեծ դերասանին մահը: