Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները
«Նաշրա» կայքը կիրակի ուշ գիշերին հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է շարք մը հրթիռներով` թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի Արապսալիմ, Հումին Ֆաուքա եւ Տէյր Զահրանի գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող հովիտները: Աւելի ուշ «Նաշրա» աւելցուց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է Պաալպեք գաւառի Ժանթա շրջանի մերձակայքը: Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու յայտարարեց. «Հետախուզական տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի շարք մը թիրախներու վրայ օդային...




















