– ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ուժերու երեսփոխանները որոշեցին այսօր խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ընթացքին երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի անունը առաջադրել վարչապետի պաշտօնին:
– «ՆԱՇՐԱ» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ այսօրուան խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն 63 երեսփոխաններ իբրեւ վարչապետի թեկնածու տան Նեժիպ Միքաթիի անունը, իսկ եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը միանայ այս ուղղուածութեան, թիւը 80-ի կրնայ հասնիլ:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Մնէյնմէ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածու ներկայանալը «անհրաժեշտ է»` նշելով, որ իր թեկնածութեան առաջադրման նկատմամբ իր դիրքորոշումը հաստատ է եւ ինք կը սպասէ մնացեալ պլոքներու դիրքորոշման:
«Նախապէս առաջադրեցինք Նաուաֆ Սալամը: Տակաւին անոր կ՛աջակցինք, եւ եթէ անոր անունին շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, զայն բնականաբար պիտի քննարկենք», ըսաւ ան:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտելմասիհ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին յայտնեց. «Այսօր վարչապետի պաշտօնին համար մրցակցութիւնը սահմանափակուած է Մախզումիի եւ Միքաթիի միջեւ, եւ ոեւէ այլ անունի առաջադրման նպատակը քուէները ի նպաստ Միքաթիի ցրուելն է»:
– «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.». «Նաուաֆ Սալամ շարք մը երեսփոխաններու յայտնեց, որ պատրաստ է վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու, եթէ երեսփոխանական պլոքները իր նշանակումը կարենան ապահովել»:
– «ԺԱՏԻՏ» հաղորդեց, որ Սէուտական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթ պիտի այցելէ Պէյրութ` շնորհաւորելու համար հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը:
– ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Եահիա` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու նախարարները ներկայացնելով մօտ օրէն պիտի այցելէ Պէյրութ:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ այս այցելութիւնը կ՛արտացոլէ Քուէյթի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու Լիբանանի եւ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը:
Ան պիտի քննարկէ Լիբանանի մէջ քաղաքական ու տնտեսական կառուցային համապարփակ բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զինեալ ուժերու եւ ներքին ապահովութեան ուժերու դերակատարութեան ամրապնդումը:
– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ժոզեֆ Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը Լիբանանի կայունութեան համար կարեւոր քայլ է»:
– ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես հեռաձայնեց նախագահ Ժոզեֆ Աունին` շնորհաւորելով անոր նախագահ ընտրութիւնը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հանրապետութեան նախագահին յայտնեց, որ կը փափաքի այս շաբաթ Պէյրութ այցելել:


